Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Կեցուածքներուս Մէջ Անկեղծ Եմ Եւ Ոչ Մէկ Պաշտօնի Թեկնածու Եմ»

February 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան համաձայն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ այդ բանաձեւը պէտք է գործադրուի երկու երկիրներուն կողմէ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի իր ապահովութիւնը երաշխաւորող միջազգային բանաձեւերուն եւ յանձնառու կը մնայ անոնց գործադրութեան:

Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք անկեղծ է իր կեցուածքներուն մէջ եւ ոչ մէկ պաշտօնի թեկնածու է: «Նախարարութեան մէջ դերակատարութիւն ստանձնած ենք եւ կ՛ունենանք մեր համոզումներուն համաձայն եւ ըստ օրէնքի ու խղճի, ինչպէս նաեւ ժողովուրդն ու անոր կարիքները հանգստացնելու նպատակով: Ես ոչ ոք կը նեղացնեմ եւ ոչ ոք կը նեղանայ ինձմէ, որովհետեւ պարտականութիւնս է, որ կը կատարեմ», ըսաւ ան:

Մաուլաուի յայտնեց, որ Կազայի դէմ պատերազմը աւելի երկար չի կրնար տեւել` աւելցնելով, որ կան կարգ մը տուեալներ, որոնք մեզ լաւատես կը դարձնեն այդ պատերազմի կասեցումին առումով:

Ան նշեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հարաւային Լիբանանը պատերազմական գօտիի վերածելու հաւանականութիւնը զսպելու առումով:

Մաուլաուի նշեց, որ ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքը իրեն զարմանք չէ պատճառած: «Ո՛վ որ լաւ կը կարդայ Ժոմպլաթի յայտարարութիւնը, կ՛ըմբռնէ, թէ Ժոմպլաթ կը փափաքի հանրապետութեան նախագահ ընտրել եւ ներքին լիբանանեան անդորրը ամրապնդել», ըսաւ ան:

Մաուլաուի հաստատեց, որ երկրին մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի համար գոյութենական հարց է, եւ պէտք է լուծումներ գտնել անոր: «Լիբանանը ծախու չէ, եւ կարելի չէ տեղահանուածները պահել երկրին մէջ` դրամի փոխարէն», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Ժահժահի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.