Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 26.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 28.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.551.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.591.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.543.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 929.000 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ պատերազմական իրադարձութիւնները, Կազայի եւ Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին արձանագրուած հրդեհներուն պատճառով հրկիզուած անտառներուն եւ ձիթենիներուն փոխարէն, ազգային իսկական աշխատանքի մը շրջագիծին մէջ տասնեակ հեկտարներու վրայ պիտի ցանեն 40 հազար ձիթենի եւ անտառային ծառեր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեքշաբթի, 13 փետրուար 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, «Վիրաւորի օր»-ուան առիթով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը ընդգծեց սիոնական բռնարարքներն ու պատերազմը կասեցնելու կարեւորութիւնը: Պլոքը շեշտեց նաեւ, որ 2024-ի պետական ամավարկը երկրին շնչառութեան կարողութիւնը պահպանելու փորձ մըն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը պիտի աշխուժացնէ իր աշխատանքը, իսկ Կեդրոնական դրամատան թիւ 151 հրամանագիրը պիտի բացայայտէ սնանկացած դրամատուները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու վտանգները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական ընտրութեան հիմնական երկու թեկնածուները` աւելցնելով, որ ուղղուածութիւնը կ՛երթայ երրորդ ընտրանքին, որ բոլորին համար կրնայ մտահոգութիւնները փարատող ըլլալ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներու դեսպաններուն նախաձեռնութիւնը մեռած ծնած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Բրիտանիոյ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Չարլզ Ուոքըրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելի եւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Լի Ռիչըրտ Սոնտըրզի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութեան միջոցներու բարելաւումը եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին հետ կապուած ոչինչ կը փափաքին քննարկել` նախքան Կազայի դէմ պատերազմի կասեցումը: Քասեմ հաստատեց նաեւ, որ Հըզպալլա պատասխանատու չէ նախագահական ընտրութեան յապաղումին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը այսօր իր զօրութեան գագաթնակէտին կը գտնուի եւ ան կարող է թշնամիին մահացու հարուածներ հասցնել, եթէ ան որեւէ արկածախնդրութեան մասին մտածէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը կը սերտէ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ 2024-ի պետական ամավարկին բովանդակած կարգ մը կէտերը վիճարկումի ենթարկելու կարելիութիւնը, պետական պաշտօնաթերթին մէջ անոր հրապարակումէն ետք:

 

 

Նախորդը

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Կեցուածքներուս Մէջ Անկեղծ Եմ Եւ Ոչ Մէկ Պաշտօնի Թեկնածու Եմ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.