Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ:
Պասիլ եւ Ռուտաքով քննարկեցին նախագահական ընտրութեան վերաբերող նոր քայլերը, ինչպէս նաեւ նախագահական դատարկութեան փուլէն դուրս գալու համար առաջարկուած լուծումները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Ռուտաքով Պասիլին յանձնած է հրաւէր մը` մասնակցելու փետրուար ամսուան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովի մը:


