Հայաստանը պէտք է կարենայ պաշտպանել իր գերիշխանութիւնը եւ իր բնակչութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրառումով յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:
Դեսպանը նաեւ ընդգծած է. «Ֆրանսան կը ստանձնէ Հայաստանի հետ իր պաշտպանական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական մտերմութիւն կը զարգացնէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ»:


