Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Կը Շարունակէ Մնալ Դիմադրութեան Եւ Իսրայէլի Միջեւ Փոխադարձ Բախումներու Կիզակէտը

January 29, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ Իսրայէլի միջեւ ամբողջ շաբաթավերջին բախումները շարունակուեցան, իսկ ամէնէն բուռն թափը ստացան ուրբաթ ուշ գիշերին:

Իսրայէլեան բանակը քանի մը անգամ յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանի Տէյր Ամես եւ Պէյթ Լիֆ շրջաններուն մէջ թիրախ դարձուցած է Հըզպալլայի զինուորական կեդրոններն ու ենթակառոյցները:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Ղանտուրիէի բնակիչներուն հետ`  պահանջելով դատարկել իրենց բնակարանները` նախքան անոնց ռմբակոծումը:

Պէյթ Լիֆ շրջանին մէջ իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծումին պատճառով զոհուեցան երկու քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան երկու ուրիշներ:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ, Նաքուրա, Ռաշայա Ֆըխխար, Հասպայա, Քֆարհամամ, Խրաժ էլ Հըպպարիէ, Տհայրա, Եարին, Թէյր Հարֆա, Պուսթան, Տէյր Ամես, Ժըպպայն, Մաժտալ Զուն, Ուատի Հասան, Պլիտա, Այթա Շաապ, Մըրուահին, Ժապալ Պլաթ, Հուլա, Զըպքին, Շիհին, Ըմ Թութ, Մերժահիուն, Լապպունէ, Մարքապա եւ Մարուն Ռաս շրջանները:

Իսրայէլեան բանակը լուսաւոր եւ ֆոսֆորային ռումբեր արձակեց հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող բացատներուն եւ անտառածածկ տարածքներուն վրայ` հրկիզելով զանոնք:

Իրենց կարգին, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի մեծ թիւով հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մալէյ Կոլան զօրանոցը:

Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա զինուորական կեդրոնին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց իսրայէլեան Զըրհիթ զօրանոցին վրայ բարձրացած ապահովական լրտեսական սարքեր:

Հըզպալլայի մարտիկներ «Պուրքան» տիպի երեք հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Քոպրա դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:

Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ նշմարեց իսրայէլեան բանակի տեղակայումն ու կուտակումը Մթըլլէ բնակեցման վայրին մօտակայքը:

Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Շլոմի բնակեցման վայրը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Ժալ Օլամ եւ Ապատ դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Տովիւ եւ Շոմերա դիրքերուն վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան Խըրպեթ Մայեր դիրքը:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Զըպտին զինուորական կեդրոնն ու քանդած են ծովային դիրքին վրայ գտնուող թշնամիին լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքն ու Ռամիմ զօրանոցը:

Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Ֆաուզի Մըլհեմ, Թալեպ Եհիա Պալհաս, Մոհամետ Ալի Մազեհ եւ Մոհամետ Զալզալի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:

 

Նախորդը

Ռայի. «Մեր Սիրտը Արիւն Կու Լայ Հարաւային Սահմանագիծի Բնակիչներուն Համար»

Յաջորդը

Խորհրդարանը Որոշ Բարեփոխումներով Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.