Տուպայի 33-րդ պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ ՀՄԸՄ կատարեց իր 4-րդ մրցումը լիբանանեան Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ եւ 88-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Կրնանք լաւ սեպել արդիւնքը, եթէ նկատի ունենանք, որ Զեք Լոֆթըն 40 վայրկեանէն 25 վայրկեան խաղցաւ եւ մկանային ցաւ ունենալով կիսատ ձգեց մրցումը:
Չմոռնանք, որ Լիբանանի ախոյեանութեան գծով Մըզհերի մէջ Պէյրութ 9 կէտով յաղթական դուրս եկած էր երկարաձգումէ ետք, երէկուան մրցումին ալ կրնար նոյնը կրկնուիլ, բայց Ճեքսըն կարեւոր վայրկեաններուն չկրցաւ 3 կէտնոց կողովներ նշանակել, ինչպէս նաեւ վերջին վայրկեաններուն կորսուած ազատ հարուածներու կէտեր փախցուց (28-էն 20-ը նշանակեցին մեր տղաքը), թերեւս ջիղերու պրկումի, թերեւս յոգնութեան պատճառով: Այս բոլորը դեր ունէին վերջնական արդիւնքին վրայ:
Յամենայն դէպս, ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն մարզիկներն էին խմբապետ Ժերար Հատիտեան` 23 կէտ եւ 15 ռիպաունտ (տապըլ տապըլ), Ժատ Խալիլ (14 կէտ, 7 ռիպաունտ), Էլիա Հոլմըն (16 կէտ), Տուէյն Ճեքսըն (13 կէտ) եւ Զեք Լոֆթըն (12 կէտ):
Այսօր կը յստականան քառորդ աւարտականին հասնող խումբերը եւ մեր խմբակի պարագային վերջնական դասաւորումը:
Ժամը 13:15-ին Պէյրութ (2 յաղթանակ, 2 պարտութիւն) պիտի մրցի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ (1 յաղթանակ, 3 պարտութիւն), մինչ ժամը 17:15-ին ՀՄԸՄ (1 յաղթանակ, 3 պարտութիւն) պիտի մրցի Ուահտէի դէմ (4 պարտութիւն): Հաւանական է, որ լիբանանեան խումբերը յաղթեն, եւ ՀՄԸՄ գրաւելով 4-րդ դիրքը մրցի Ռիատիի դէմ` քառորդ աւարտականին:


