Միացեալ Նահանգներ նոր հարուած հասցուցած են Եմէնին եւ երկու թեւաւոր հրթիռ ոչնչացուցած հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը «Էքս»-ի վրայ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«24 յունուարին Սանաայի ժամանակացոյցով շուրջ ժամը 2:30-ին, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը հարուածներ հասցուցած է հուսիներու երկու հականաւային հրթիռի», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ «որոշած են, որ անոնք անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն առեւտրական եւ այլ նաւերու համար»:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ամերիկեան ուժերը ինքնապաշտպանութեան նպատակով հարուածած եւ ոչնչացուցած են հրթիռները:
Հուսիներու Անսարուլլա շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մոհամետ Պախթինի յայտնեց. «Մեր ծովային յարձակումները պիտի շարունակուին, այնքան ատեն որ Կազայի դէմ պատերազմը կը շարունակուի»: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը:


