Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներ շարժումին պատկանող երեք դիրքերու վրայ օդային յարձակում գործած են:
Յարձակումները կատարուած են առ ի հակադարձութիւն շարժումին կողմէ շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ցուցմունքով, ամերիկեան ուժերը երէկ անհրաժեշտ եւ պատշաճ հարուածներ հասցուցին կառոյցներու, որոնք կ՛օգտագործուին Հըզպալլայի փաղանգներու եւ Իրաքի մէջ Իրանի առնչակից այլ խմբաւորումներու կողմէ», ըսաւ Օսթին:
Փենթակոնի ղեկավարին հրապարակած հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ ամերիկեան հարուածները «ուղղակի պատասխան էին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ու դաշինքի ուժերուն դէմ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ հետզհետէ աճող յարձակումներու շարքին»:
«Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի չեն ձգտիր, սակայն պատրաստ են շարունակելու շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերն ու շահերը պաշտպանելու աշխատանքը», աւելցուց ան:
Միւս կողմէ, Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Քասեմ Արաժի յայտնեց. «Ժողովրդային աշխարհազօրի կեդրոններու թիրախաւորումը իրաքեան գերիշխանութեան վրայ յարձակում մըն է, որ կացութեան հանդարտեցման չի նպաստեր»:
«Փոխանակ իրաքեան ազգային հաստատութիւններու կեդրոնները ռմբակոծելու, Ուաշինկթըն պէտք է ճնշում բանեցնէ դադրեցնելու Կազայի վրայ յարձակումը», ըսաւ ան:
Իրաքեան կառավարութիւնը յայտնեց. «Զինուորական դիրքերու ռմբակոծումը Իրաքի գերիշխանութեան վրայ յարձակում է, եւ Ուաշինկթընի ու Պաղտատի միջեւ կնքուած անվտանգութեան համաձայնութեան ոտնահարում»:
Իրաքի կառավարութիւնը նշեց, որ ամերիկեան ռմբակոծման նկատմամբ պիտի որդեգրէ բոլոր իրաւական քայլերը, ներառեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնելը:
Իրաքեան բանակը իր կարգին յայտարարեց. «Ամերիկեան ռմբակոծումը անպատասխանատու մագլցումի կը յանգեցնէ, եւ անոր հետ իբրեւ թշնամական արարք պիտի վարուինք»:


