Ալեքսանտր Զվերեւ երէկ դուրս ձգեց աշխարհի թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասը` 3 ժամ 5 վայրկեան պայքարէ ետք:
Արդարեւ, իր ասպարէզին մէջ 2-րդ անգամ ըլլալով Զվերեւ հասաւ կիսաւարտականին Մելպուռնի մէջ, երբ հանգիստ սեթ մը շահեցաւ 6-1 28-րդ վայրկեանէն, ապա 2-րդը` 6-3, 42-րդ վայրկեանէն: 3-րդ սեթին Ալքարաս քիչ մը ինքզինք գտաւ եւ սեթը շահեցաւ 7-6 արդիւնքով 1 ժամ պայքարէ ետք: 4-րդ սեթին, գերմանացի Զվերեւը իր կարգին պայքարեցաւ սպանացի իր մրցակիցին դէմ պրէյք մը աւելի առնելով եւ շահելով սեթն (6-4) ու մրցումը:
Կիսաւարտականին Զվերեւ իր դէմ պիտի ունենայ Տանիլ Մետվետեւը, որ 4 ժամ բուռն պայքարէ ետք լեհ Հուպերթ Հուրքաչի հետ կրցաւ յաղթական դուրս գալ 7-6, 2-6, 6-3, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով:
Աղջկանց մրցումներուն, Տայանա Եասթրեմսքա (Ուքրանիա) շարունակեց իր «երազային» մրցաշարքը` դուրս ձգելով չեխ Լինտա Նոսքովան` 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Եասթրեմսքա, որ սկսած էր Մելպուռնի իր յաջող ելոյթները դուրս ձգելով թիւ 7 Մարքեթա Վոնտրուշովան (6-1, 6-2), այժմ 93-րդ թենիսվումընն է: 23 տարեկան ուքրանացի մարզիկը իր դէմ պիտի ունենայ թիւ 12 Ժենկ Քինուենը (Չինաստան), որ սեթ մը կորսնցնելէ ետք Աննա Քալինսքայայի դէմ (7-6), կրցաւ 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով հանգիստ աւարտել մրցումը:


