Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. «Լիբանան Պատերազմ Չ՛ուզեր» Շեշտեց Պու Հապիպ

January 25, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ, Միջին Արեւելքի կացութեան մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի գումարած նիստին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, եւ օր մը օրանց չէ ցանկացած պատերազմիլ, որովհետեւ նախապէս 15 տարի շարունակ ապրած է պատերազմի վատ օրերը:

Պու Հապիպ բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները` պահպանելու համար հարաւի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:

«Այսօր Պաղեստինեան դատին ծագումէն 75 տարի ետք կը հանդիպինք, որպէսզի հանդարտեցուցիչներ գտնենք այս տագնապին, մինչդեռ տագնապը սերունդէ սերունդ փոխանցուած է եւ ատելութիւն սերմանած, հետեւաբար ժամանակն է արդէն Պաղեստինեան դատին վերջնական լուծում գտնելու, որովհետեւ անիկա շրջանի խաղաղութեան բանալին է եւ Միջին Արեւելքի ապահովութեան դարպասը: Կոչ կ՛ուղղեմ աշխարհի իմաստուններուն ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ` վերջ տալու համար պաղեստինեան, լիբանանեան եւ սուրիական հողերու բռնագրաւումին, որպէսզի կարենանք միասնաբար ապրիլ, զիրար ճանչնալ` միջազգային օրէնքի հիման վրայ», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ կոչ ուղղեց գործադրելու 2002-ին Պէյրութի մէջ կայացած Արաբական լիկայի խորհրդաժողովէն բխած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, որ իբրեւ Պաղեստինեան դատի լուծում կ՛առաջարկէ զոյգ պետութիւններու հիմնումը: «Ժամանակաւոր լուծումներն ու գործարքները պատճառ կը դառնան պատերազմի ու քանդումի: Իսրայէլի կողմէ կատարուածը` Կազան աւերակի վերածելով եւ Համասը բնաջնջելով, եթէ կարենայ իրագործել այդ մէկը, պատճառ պիտի դառնայ, որ հիմնուին աւելի ծայրայեղական կազմակերպութիւններ, որոնց նպատակը ըլլայ Իսրայէլը ջնջել», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ մնայուն ապահովութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու Լիբանանի տեսակէտը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութիւնն է` ստանալով միջազգային յստակ եւ յայտարարուած երաշխիքներ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի պահանջած երաշխիքներն են, որ իսրայէլեան բանակը նահանջէ Ռաս Նաքուրայէն մինչեւ «Պի 1» սահմանային կէտ եւ Մարի գիւղաքաղաք, որ խորքին մէջ Ղաժար գիւղաքաղաքին մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ հեռանայ Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն:

«Միջազգային երաշխիքներէն պէտք է ըլլայ նաեւ այն, որ Իսրայէլ վերջ տայ իր ոտնձգութիւններուն, որ 2006-էն ի վեր հասած է մինչեւ 30 հազար ոտնձգութեան` ցամաքային, ծովային եւ օդային, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ պէտք չէ ռմբակոծէ Սուրիան` լիբանանեան օդային տարածքը օգտագործելով: ՄԱԿ եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներ պէտք է օժանդակեն լիբանանեան բանակը հզօրացնելու եւ մնայուն գործակցութեան մէջ ըլլալու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ, դիւրացնեն սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած քաղաքայիններուն տունդարձը, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնեն», շեշտեց Պու Հապիպ:

Պու Հապիպ–Սեժուրնէ Հանդիպում

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի հետ:

Պու Հապիպ շնորհաւորեց Սեժուրնէն` անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, եւ զայն հրաւիրեց այցելելու Լիբանան:

Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ Լիբանանը մնայուն կերպով առաջնահերթ նկատելու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի ուղղակի հոգատարութեան արժանի ըլլալու համար:

Պու Հապիպ դրուատեց Ֆրանսայի կողմէ որեւէ դերակատարութիւն, որ կը միտի հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումները նուազեցնել, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը ապահովել:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է ամբողջական լուծումի մը, որուն շրջագիծին մէջ կը ստանայ բռնագրաւուած իր հողերը եւ վերջ կը տրուի իր գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւններուն:

Պու Հապիպ ողջունեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու լիբանանեան բանակին եւ զօրակցելու հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Լիբանանը Առաջնորդել Դէպի Քանդում»

Յաջորդը

Միքաթի Ընդունեց Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.