ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմին եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն վերաբերող հարցեր: Պու Սաապ ընդգծեց, որ այդ ընդհարումները կասեցնելու միակ լուծումը դիւանագիտական ճիգերը շարունակելն է, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագային յանգիլ քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան:
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան տնօրէն խորհուրդը հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու հաւանականութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան քաղաքական ուժերը երկխօսութեան պիտի հրաւիրէ, երբ ան շօշափէ, թէ ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու յարմար մթնոլորտ կայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած 2024-ի պետական ամավարկը բարեկարգչական չէ, այլ` երկրին օրինական տնտեսութիւնը կը քանդէ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ. «Նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով երկու տարիէ ի վեր կը սպասենք քրիստոնեաներուն միջեւ համաձայնութեան»: Ան աւելցուց, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն կամ այլ անհատ մը ընտրելու:


