Ակնարկեցինք արդէն, որ 133-ամեայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարիքը ունի անհրաժեշտ գաղափարաբանական եւ քաղաքական գործիքակազմերը մշակելու` Հայաստանի եւ հայութեան դէմ գոյութենական վտանգ հանդիսացող համաթուրանական ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան դէմ: Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական յենասիւները` ազգայնութիւնը, յեղափոխականութիւնը, ընկերվարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, վստահաբար իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած եւ տեսանելի ապագային ալ իրենց դերակատարութիւնը պիտի ունենան Դաշնակցութեան գործին գաղափարական ուղին տալու հարցին մէջ: Բայց մանաւանդ անցեալ տարուան արցախեան կորուստէն ետք, ինչպէս` Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներէն ետք, կարիքը կը զգացուի այդ սպառնալիքներուն դէմ դնելու գաղափարաբանական հիմնասիւնի մշակման:
Իբրեւ 133-ամեայ պատմութիւն եւ պայքարի փորձ ունեցող կուսակցութիւն` մասնաւորաբար հակաթուրք պայքարի մարզին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ինչո՞վ կրնայ հակադրուիլ համաթուրանականութեան: ՀՅԴ Ծրագիրը շատ ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձած է հայկական առողջ ազգայնութեան կամ ազգային գաղափարախօսութեան հարցին` կարեւորութեամբ շեշտելով հայութեան համար ազգի եւ հայրենիքի գաղափարներուն առաջնայնութիւնը, բայց ազգային գաղափարախօսութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ կայ, կարիքը ունի յաւելեալ պարզաբանման եւ յաւելեալ ընդարձակման: Գաղափարաբանական այն դրոյթը, որով հայութիւնը կրնայ դէմ դնել իր թշնամիներու սպառնալիքներուն, ՀՅԴ-ի ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն գաղափարախօսներէն` նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ կոչուած է ԱՐՄԵՆԻԶՄ, իսկ մենք հայկականացնելով եզրը եւ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցածին գաղափարաբանական երանգ տալով` զայն կը կոչենք ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Բայց` այստեղ ուշադրութի՛ւն: Եթէ համաթուրանականութիւնը իր էութեամբ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութիւն է, համահայկականութիւնը զերծ է ծաւալապաշտական որեւէ նկրտումէ: Եթէ համաթուրանական ախորժակները կը սկսին Պալքաններէն եւ չեն վերջանար Չինաստանի ույղուր թուրքերով բնակեցուած Քսինեանկ նահանգով, ապա համահայկականութեան նպատակը, մանաւանդ հայութեան կրած վերջին կորուստներէն ետք, նախ գոյութիւն ունեցածը պահպանելն է, յետոյ, հայութեան ողնաշարը շտկելէ ետք, Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ ազատ, անկախ եւ արժանավայել գոյացութիւն մը ունենալը` վերականգնելէ ետք պատմական արդարութիւնը: Եւ երբ «պատմական արդարութիւն» կ՛ըսենք, սա չի նշանակեր, որ աչք ունինք ուրիշի հողերուն վրայ, որովհետեւ Հայկական Բարձրաւանդակի միայն մէկ մասին վրայ ստեղծուելիք սեւրեան միասնական Հայաստանի արեւմտեան հողերուն վրայ Ցեղասպանութենէն առաջ արդէն հայեր կ՛ապրէին, հայապատկան էին անոնք` անկախ ուրիշի տիրապետութեան տակ ըլլալու իրականութենէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժամանակ, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան մթնոլորտին մէջ, ազգային միասնութեան աննախընթաց մթնոլորտի մը մէջ ընդունուեցաւ «Համահայկական հռչակագիր»-ը, որ հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետականօրէն ընդունուած փաստաթուղթով կ՛ուրուագծէր հայութեան իրաւական պահանջները ցեղասպան թշնամիէն եւ կը խօսէր Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացման մասին: 2018-ի «յեղափոխութեան» առաջին ժամանակաշրջանին շատ ամչկոտ շեշտով կը վկայակոչուէր այդ փաստաթուղթը նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, եւ շուտով անիկա ամբողջութեամբ մոռացութեան մատնուեցաւ: Հայ ազգը` իբրեւ իր իրաւունքներուն վերականգնման համար պայքարող հաւաքականութիւն, պէտք է ամէն գնով կառչած մնայ այդ փաստաթուղթին` «Համահայկական հռչակագիր»-ին, անիկա պէտք է դառնայ հայութեան ազգային գաղափարախօսութեան` համահայկականութեան հիմքը: Նկատի ունենալով նաեւ, որ այն ժամանակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ «Համահայկական հռչակագիր»-ի մշակման մէջ, անոր վերստին շրջանառութեան մէջ դրուիլը կը ստանայ իւրայատուկ կարեւորութիւն: Այս իմաստով հայ յանձնառու մտաւորականութիւնը մեծ առաքելութիւն ունի կատարելիք` այդ հռչակագիրը մոռացութենէ փրկելու առումով:
Մինչեւ մօտիկ անցեալ մենք համազգային առումով ունէինք Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, հետեւաբար հայ ազգային հռետորաբանութիւնը շեշտը կը դնէր այս եռամիասնութեան ամրապնդման վրայ` իբրեւ հայութեան դիրքերու հզօրացման գրաւականի: Բայց հիմա իրերայաջորդ յայտնի իրադարձութիւններուն պատճառով Արցախը դժբախտաբար ջնջուեցաւ եռամիասնութեան այդ հասկացողութենէն: Ուստի ուրեմն համահայկականութեան գաղափարախօսութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ աշխատիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի դիրքերու հզօրացման վրայ: Ընդ որում, պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը թէեւ զիրար փոխլրացնող են, եւ անհրաժեշտութեան պարագային, սփիւռքը պիտի շարունակէ զօրաւոր թեւ ու թիկունք կանգնիլ հայրենիքին, սակայն սփիւռքը նաեւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը ունի, մանաւանդ` աւանդական արեւմտահայ սփիւռքը, եւ ամէն գնով, մանաւանդ` համահայկական ռազմավարութեան ծիրին մէջ, պէտք է տէր կանգնիլ այս իւրայատուկ ինքնութեան, զօրացնել զայն եւ վերակազմակերպել աւանդական սփիւռքը, որ հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Պահելով մեր արեւմտահայ ժառանգութիւնը` յաւելեալ հարստացուցիչ ազդակ մը կը հանդիսանանք ապագային մշակուելիք համահայկական օրակարգին:
Համահայկականութիւնը ինքնին յառաջդիմական քաղաքակրթական գաղափարաբանական ուղղութիւն մըն է եւ դէմ է ազգային բացառիկութեան կամ կրօնական յետադիմութեան որեւէ դրսեւորումի: Այս ուղղութիւնը իր ներշնչումը կը ստանայ հայ ազգի հազարամեակներու քաղաքակրթական ժառանգութենէն եւ լուսաւոր, յառաջդիմական փորձէն` նոր շունչով եւ ազգային վերականգնումի վառ յոյսերով ուղղուելու համար դէպի ապագայ: Արցախի կորուստը վերջակէտ մը չէ երբեք: Անպայմա՛ն, անպայմա՛ն, անպայմա՛ն ազգային մեծ վերականգնումը պիտի ըլլայ: Բայց այդ վերականգնումը պիտի ըլլայ, եթէ հայութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ համախմբուի համահայկականութեան օրակարգի շուրջ:
Այդ օրակարգը մշակողը եւ զանոնք յառաջ տանողը անկասկած Դաշնակցութիւնը կրնայ ըլլալ, ինչպէս ասկէ առաջ ալ ըրած է, ինպէս, օրինակ, «Համահայկական հռչակագիր»-ին պարագային: Կարեւորը` համահայկականութեան գաղափարախօսութեան հիմնական յենասիւներէն մէկը ըստ կարելւոյն ազգային ամէնէն լայն համախմբումը ապահովելն է: Նաեւ կայ ցանցային աշխատանքին կարեւորութիւնը` Հայաստան եւ սփիւռք, համահայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ առաւելագոյն համագործակցութեան ապահովումը եւ մասնագիտական փորձառութիւններու փոխանակումը: Նաեւ այստեղ անհրաժեշտ է մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն ուսումնասիրութիւնը:
Վերը նշուած բոլոր կէտերով համահայկական ազգային գաղափարախօսութեան մշակման միջոցով մենք հիմքը կը դնենք համաթուրանական վտանգին արդիւնաւէտ դիմակայման: Եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ ազգային իղձերու հետապնդման յառաջատար քաղաքական ուժ, կրնայ շարժիչ ուժը ըլլալ նաեւ համահայկականութեան գաղափարական ուղղութեան` բազմակարծութիւնը յարգելու մթնոլորտի մէջ իր շուրջ համախմբելով ազգի առողջ ուժերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Համախմբելու դերակատարութիւնը ստանձնելով` Դաշնակցութիւնը վերադարձած կ՛ըլլայ իր հիմնադրութեան առաջին տարիներու առողջ աւանդներուն եւ ակունքներուն:



