Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Լայզա Ճոնսըն կը շարունակէ ծանօթացման նպատակով կատարուած իր արարողակարգային այցելութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ Ճոնսըն այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները, յատկապէս ապահովական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին զօրակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Մաուլաուի եւ Ճոնսըն քննարկեցին նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան քաղաքական առումով ընդգծեցին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:
Ճոնսըն այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի:
Քննարկուեցան Ներքին ապահովութեան ուժերուն առաքելութիւնը եւ երկրին մէջ տիրող ապահովական ընդհանուր կացութիւնը:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի Ճոնսընի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:


