«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ ետ մնալէ ետք 3 մասերէ աւելի, կրցաւ վերջին 3 վայրկեաններուն «արթննալ» եւ առաջին անգամ ըլլալով կէտերով անցաւ Պրուքլինի` մրցումի աւարտին 2:50 վայրկեան մնացած, երբ Քուայ Լենըրտ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց:
Քլիփըրզ վերջին 12 մրցումներուն իր 10-րդ յաղթանակը ապահովեց` շնորհիւ գեղեցիկ խմբային խաղի, մանաւանդ 4-րդ մասին, ուր 41-15 արդիւնքով յառաջացաւ Քլիփըրզ, 3 մասերը պարտուելէ ետք Պրուքլին Նեթցին դիմաց:
Լենըրտ իր 21 կէտերուն 14-ը նշանակեց մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն` Պրուքլինի 18 կէտի առաւելութիւնը նուազեցնելով եւ մինչեւ աւարտ յաղթելով նոյնիսկ:
Ճէյմս Հարտըն 24 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց, Ռասըլ Ուեսթպրուք 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Փոլ Ճորճ 12 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց միայն:
«Առաջին անգամ ըլլալով կ՛ըլլար այսպէս` դանդաղ սկսիլ, բայց շատ լաւ աւարտել», ըսաւ Ճորճ աւելցնելով. «Պէտք է միշտ պայքարինք մինչեւ վերջին երկվայրկեան: Այս խումբին լաւ բանը այդ է, որ մէկը չի հաւատար, որ ետ մնացինք եւ պիտի պարտուինք»:
Միքալ Պրիճզ իր 26 կէտերուն 20-ը նշանակեց առաջին կէսին` դառնալով Պրուքլինի լաւագոյն նշանակող մարզիկը, որ Լըպրոն Ճէյմսի խումբին (Լէյքըրզ) 18 կէտերու առաւելութեամբ յաղթանակէ ետք կ՛ուզէր կրկնել յաղթանակ մը` Լոս Անճելըսի միւս խումբին դէմ ալ: «Պէտք է 48 վայրկեան լաւ խաղանք… հաճելի բան մը չէր եղածը», ըսաւ Պրիճզ մրցումի աւարտին:
Նիքոլա Եոքիչ տապըլ տապըլ մը իրագործեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ` նշանակելով 42 կէտ եւ ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ, Տենվըր Նակեթցի 113-104 յաղթանակի ընթացքին Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ:
Փաուլօ Պանչերօ (Օրլանտօ) եւ Պեմ Ատեպայօ (Մայեմի) տապըլ տապըլ իրագործեցին, երբ Օրլանտօ 105-87 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթի: Հիւսթընի սենթըր Ալփերեն Շենկիւնի թրիփըլ տապըլը բաւարար չէր, որ իր խումբը յաղթէ Պոսթըն Սելթիքսի, որուն աստղերէն Քրիսթափս Փորզինկիս 32 կէտ նշանակեց, եւ Սելթիքս 116-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հիւսթընէն:
Քեւին Տիւրենթ եղաւ երէկուան Ֆինիքս Սանզի հերոսը` նշանակելով 40 կէտ եւ առաջնորդելով Ֆինիքսը` 5-րդ յաջորդական յաղթանակի, այս անգամ Ինտիանա Փէյսըրզի դէմ մրցումին, 117-110 արդիւնքով:
«Պիկ 3» անունը հետզհետէ իրականութիւն կը թուի ըլլալ Ֆինիքսի համար, մանաւանդ որ Տիւրենթ-Պուքըր-Պիլ եռեակը սկսաւ լաւ մակարդակի վրայ ելոյթներ ունենալ:
Պուքըր 26 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Պրետլի Պիլ 25 կէտ նշանակեց: Տիւրենթ 9 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգած էր ի նպաստ Ֆինիքսի, որուն սենթըրը` Եուսուֆ Նուրքիչ, 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկն էր Պատի Հիլտ (18 կէտ), մինչ Պելիպըրթընի բացակայութիւնը շատ յստակ էր:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 134-110
Ֆինիքս Սանզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 117-110
Հիւսթըն Ռոքեթց – Պոսթըն Սելթիքս 107-116
Օրլանտօ Մեճիք – Մայեմի Հիթ 105-87
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տենվըր Նակեթց 104-113
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պրուքլին Նեթց 125-114


