Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Համեստ Խօսքի Ու Ապառաժեայ Համոզումի Մը Երթը(ՀՅԴ 133-Ամեակ) Բ.

January 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ       

– Երբ ես պատանի էի, տեսնելով շուրջս սխալներ, եսասիրական արարքներ` յուսահատութիւն կու գար վրաս: Կ՛ուզէի թողնեմ Կուսակցութիւնը ու հեռանամ: Բայց ներքին ձայնը կը յուշէր.- «Բայց չէ՞ որ կայ Զաւարեանը, կայ Ռոստոմը»: Եւ իմ հոգին կը լայննար, հաւատքը լեռ կը դառնար իմ մէջ: Նրանք իմ աստուածներն էին: Ու կ՛երթայի յաջորդ ժողովին նորոգ խանդավառութեամբ: Ունեցէք ձեր աստուածները, աստուածներ ունեցէք ձեր հոգում, տղերք ջան…

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ
«Վերջին անմեղը»

Ճիշդ է, որ գրութիւնը արձանագրուած է վաստակաւոր գրող, մտաւորական ու թերթի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի գրիչով, սակայն խօսքը կը պատկանի անձի մը, դաշնակցական գործիչի, եզակի հրապարակագիրի, յախուռն գրողի, պետական մարդու եւ վաստակաւոր մտաւորականի մը` Վահան Նաւասարդեանին, որուն մտքին արգասիքը օրին վայելած են ժամանակակիցներ` մերթ հիացմունքով, մերթ ապշելով ու շատ անգամ սքանչանալով:

Ու մենք, նաւասարդեանական շունչի ու գրականութեան ուժեղ ազդեցութեան տակ, կը փորձենք հասկնալ անոր այնքան համեստ ու պարզ պատգամը, որ աղօթքի մը բուրմունքը ունի եւ մեծութեան մը հրապոյրը:

Հաւանաբար օրին` 1980-ականներուն, իբրեւ խանդավառ երիտասարդութիւն կլանուած ըլլալով ընթերցանութեամբ, ճիշդ է, որ յափշտակութեամբ կ՛ընկալէինք դաշնակցական մեծերուն խօսքն ու միտքը, այդուհանդերձ, տարիքի բերումով ու կեանքի թաւալքին առընթեր, այդքան ալ չէինք թափանցեր անոնց խորքը:

Եւ ահա, վերջերս, երբ կրկին բացի վերոնշեալ գիրքը, սկսայ թերթատել զայն: Ընդգծուած տողերէն մէկն էր վերոնշեալ մէջբերումը, որ, կարծես, այսօր կ՛ուզէր լոյսին գալ եւ խորհրդածութեան պատեհ առիթ մը ստեղծել: Ինչո՞ւ:

Որովհետեւ, ՀՅ Դաշնակցութեան աւելի քան մէկդարեայ կենսագրութեան մէջ արձանագրուած է այնքան գրականութիւն, պատմական եղելութիւն թէ դիպաշարեր, որոնցմով իրերայաջորդ սերունդներ ներշնչուած, հպարտացած դաստիարակուած են ու նետուած ազգային գոյապայքարի դաշտ` յանուն ազգի ու հայրենիքի փրկութեան:

Այդուհանդերձ, դաշնակցական իրականութեան, ժողովական թէ ընկերական կեանքին մէջ յաճախ պատահած են տխուր երեւոյթներ, ափսոսանք պատճառող ու վշտացնող վերաբերումներ, անհատական բացթողումներ ու աննպատակայարմար գործընթացներ, որոնք ընդվզումի մղած են կուսակցական ընկերներ, շրջանակներ, նոյնիսկ համակիր զանգուած մը ամբողջ` պարզ այն հասկացողութեամբ, ըմբռնումով եւ բարի կամեցողութեամբ, որ Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող անձինք, անոնք ըլլան համեստ կուսակցականներ թէ յաւելեալ պարտաւորութիւն ունեցող ղեկավարներ, իրաւունք չունին սխալելու եւ գաղափարական աշխարհը մրոտելու, խայտառակուելու, ծով արեամբ ու քրտինքով աշտարակուած Դաշնակցութեան տաճարը սրբապղծելու:

Ի զարմանս մեզի, թշնամիներու թէ հակառակորդներու, մեր կուսակցութիւնը կրցած է պատուով դուրս գալ խայտաբղէտ փորձութենէ ու շարունակել իր սրբազան երթը: Փաստօրէն, տասնամեակներու ընթացքին իրերայաջորդ սերունդներ մաս կազմած են ղեկավար շրջանակներու, գործած են այլազան մարմիններու մէջ, փորձած են իրենց լաւագոյնը փոխանցել յանուն դաշնակցական առաքելութեան ու ազգի գոյատեւման, այդուհանդերձ, դաշնակցական առօրեան տեսած է ընկրկումներ ու անհատ դաշնակցականի խաղքութիւն, որովհետեւ կուսակցական անհատներ չեն կրցած աշտարակել իրենց դաշնակցականի տաճարը ու անով մշակել իրենց եսն ու ամբողջ հոգեկերտուածքը:

Բայց, խորաթափանց, աննախապաշար, ազնիւ, անկաշառ, անկողմնակալ ու անաչառ ՀԱՅԵԱՑՔ մը բաւարար է մէկընդմիշտ հաստատագրելու, որ հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր աստիճանաչափ միշտ ալ ենթակայ է եղած ցնցումներու:

Ահաւասիկ տարբերութիւնը` դաշնակցականին ու կուսակցականին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Բ.) – Երկու Հակադիր Ուղղութիւններ, Որոնցմէ Միայն Մէկուն Ճշմարտութիւնը Պիտի Հաստատուի

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.