Ռուսիան պատրաստ է առաւելագոյն կարելի օգնութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Երեւանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին:
«Ռուսական կողմը շատ աշխուժ, յամառ, հետեւողական աշխատած է եւ կը շարունակէ այս ուղղութեամբ աշխատիլ: Ատիկա կը վկայեն մեր գործողութիւնները, չեմ ալ թուարկեր, թէ այս առումով ի՛նչ կատարուած է ռուսական կողմին մասնակցութեամբ, նախաձեռնութեամբ:
«Կ՛ուզեմ ըսել, որ Ռուսիան հաստատակամօրէն հաւատարիմ կը մնայ այս հոլովոյթին առաւելագոյն կարելի օգնութիւն ցուցաբերելուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ իսկապէս կայուն, արդար խաղաղութեան լուծման հասնելուն», ըսած է Քոփիրքին:
Ան նշած է, որ Մոսկուա շահագռգռուած է շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեամբ:
«Մենք կ՛աջակցինք յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, եւ Ռուսիան միշտ շատ գործօն կերպով ընդգծած է իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու այդ ուղղութեամբ բոլոր առումներով` ըլլայ այդ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքում, ըլլայ այդ սահմանազատում, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծում, վստահութեան ամրապնդման քայլերու մշակում, ներառեալ քաղաքացիական հասարակութեան միջոցով հաղորդակցութիւնները, հաղորդակցութեան կապերու բացում», աւելցուցած է Ռուսիոյ դեսպանը:
Ան ընդգծած է, որ ստեղծուած են համապատասխան եռակողմ կառոյցներ, որոնց Ռուսիան աշխուժօրէն կը մասնակցի:
«Կը կրկնեմ` Ռուսիան հաստատակամօրէն հաւատարիմ է այս հոլովոյթին առաւելագոյնս կարելի, անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելուն: Ի հարկէ, ատիկա կողմերուն որոշելիքն է, ատիկա անոնց գերիշխան հարցն է: Սակայն, կը կրկնեմ, Ռուսիան հաւատարիմ եղած է, կը մնայ եւ պիտի մնայ այս ուղղութեամբ եռանդուն աշխատանքին:
«Այս հարցը մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունի: Հարաւային Կովկասի շրջանը մեզի համար շատ կարեւոր շրջան է, եւ մեր կենսական շահերէն կը բխի, որ այդ շրջանը ըլլայ խաղաղ, կայուն եւ բարգաւաճ», ընդգծած է Քոփիրքին:
Խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին` դեսպանը յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ռազմավարական շահերը կը համընկնին, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը շարունակեն կրել դաշնակցային բնոյթ:
«Ես կը մեկնիմ այն փաստէն, եւ ոչ միայն ես, այլ, բնականաբար, ատիկա Ռուսիոյ ղեկավարութեան դիրքորոշումն է, որ մեր յարաբերութիւնները կը կրեն եւ կը շարունակեն կրել դաշնակցային բնոյթ: Գիտէք, պատմականօրէն մեզ կապող շատ բաներ կան: Աւելորդ է նշել, թէ բազմադարեան պատմութեան ընթացքին ինչը կը կապէ մեր ժողովուրդները», ըսած է Քոփիրքին:
Անոր համաձայն, բացի ատկէ, երկիրները այսօր ունին փոխյարաբերութիւններու շատ լայն գործնական օրակարգ, որ կը վերաբերի պետութիւններու եւ մարդոց կեանքի առանցքային երեւոյթներուն:
«Համոզուած եմ, որ հիմնական շրջագիծերու առումով մեր ռազմավարական շահերը առարկայականօրէն կը համընկնին, ատիկա կրկին ապացուցած է թէ՛ հին, թէ՛ ժամանակակից պատմութիւնը: Ուստի, կը կարծեմ, ամբողջովին ճիշդ է, որ ռուսական կողմը յստակ կը սահմանէ, որ մեր յարաբերութիւնները, հակառակ բոլոր խնդիրներուն, որոշ թիւրըմբռնումներուն, արտաքին դերակատարներուն` մեկնելով իրենց պատեհապաշտական, աշխարհաքաղաքական շահերէն մեր յարաբերութիւններուն մէջ ճեղքեր ստեղծելու փորձերուն, պահպանած են եւ պէտք է պահպանեն դաշնակցային, ռազմավարական բնոյթ», ըսած է Քոփիրքին:
«Յիշեցնեմ, որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նախագահէ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդը, որ կ՛ենթադրէ նաեւ պատուիրակութիւններու փոխանակում եւ փոխադարձ այցելութիւններ:
«Մայիսին կը նախատեսուի Մոսկուայի մէջ գումարել Եւրասիական տնտեսական միութեան յոբելենական վեհաժողովը եւ, բնականաբար, ռուսական կողմը կ՛ակնկալէ երկրի ղեկավարի` վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը», ըսած է դեսպանը:
Անոր համաձայն, միջպետական յարաբերութիւններու գործելաոճին մէջ սովորական երեւոյթ են բարձր մակարդակով փոխադարձ այցելութիւնները, եւ այդ հարցը եղած է, կայ եւ կը մնայ օրակարգի վրայ:
Ան աւելցուցած է, որ շարք մը հրաւէրներ կան ռուսական կողմէն հայ գործընկերներուն` մասնակցելու 2024 թուականին նախատեսուած նշանակալից ձեռնարկներուն:
«Ես հիմա ամէն ինչ չթուարկեմ, մենք կ՛աշխատինք այդ հարցին վրայ, ի հարկէ, նման փոխանակումներ, ներառեալ բարձրագոյն մակարդակով այցելութիւններ օրակարգի վրայ են», նշած է Ռուսիոյ դեսպանը:


