«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Տեւըն Պուքըր 52 կէտ նշանակեց 37 վայրկեանի ընթացքին: Երբ ան իր 6-րդ 3 կէտնոց կողովը նշանակեց, ետեւ դարձաւ նայելու մօտ 15 շարք վեր իր հօր եւ մեծ հօր, որոնք նստած էին Ֆէօնիքս Սանզի պահեստի աթոռներուն ետեւի կողմը:
Ֆէօնիքս 123-109 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Մրցումէն ետք Պուքըր յայտնեց, թէ մօտ 50 հոգի կը սպասէ այս մրցումը այս դաշտին վրայ, մանաւանդ որ ինք եղած է Հայ սքուլի աշակերտ Միսիսիփիի շրջանը ապրած ժամանակ, ուր կը բնակին իր ընտանիքը եւ գրեթէ բոլոր ազգականները:
Նախապէս Պուքըր 17 դեկտեմբեր 2022-ին 58 կէտ նշանակած էր, նոյնինքն Նիւ Օրլինզի դէմ:
Պուքըր իր ասպարէզին մէջ 50 կէտի սահմանը 6-րդ անգամ ըլլալով կ՛անցնի: Ան իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակած է 24 մարտ 2017-ին Պոսթընի դէմ, երբ նշանակած է 70 կէտ:
Չարլոթ Հորնեթց իր դաշտին պարտութիւն մը կրեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզէն, 97-89 արդիւնքով:
Ժոել Էմպիիտ 33 կէտ նշանակեց իր մրցանիշը բարելաւելով: Ան այդ 20 յաջորդական մրցումի ընթացքին 30 կամ աւելի կէտ նշանակած է, եւ երէկուան յաղթանակը` Չարլոթի դէմ, եղաւ Ֆիլատելֆիայի յաջորդական 5-րդ յաղթանակը:
Ստորեւ շաբաթավերջի արդիւնքները.
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 109-124
Չարլոթ Հորնեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 124-120
Պոսթըն Սելթիքս – Տենվըր Նակեթց 100-102
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Ֆէօնիքս Սանզ 109-123
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս 108-109
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 118-115
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Պրուքլին Նեթց 112-130
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մեւրիքս (յետաձգուած)
ԵՐԷԿ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս 135-141
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 127-131
Չարլոթ Հորնեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 89-97
Նիւ Եորք Նիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 126-100
Աթլանթա Հոքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ 95-116
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 97-102
Հիուսթըն Ռոքեթց – Եութա Ճեզ 127-126
Շիքակօ Պուլզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 125-96


