Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ երէկ կը գտնուէր Հայաստան, Երեւանէն ետք Պաքու պիտի չմեկնի:
«Ինչպէս գիտէք, Ազրպէյճանի մէջ հիմա նախընտրական քարոզարշաւի շրջան է, այդ պատճառով ալ այս պահուս Պաքու այցելութիւն նախատեսուած չէ: Սակայն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը սերտ կապի մէջ է եւ պարբերաբար կը հաղորդակցի նաեւ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցած են Քլաարի գրասենեակէն:
Օրեր առաջ Երեւան էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Կովկասի հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ: Ան եւս Երեւանէն ետք Պաքու չայցելեց: Թէ ինչո՛ւ, պաշտօնապէս բացատրութիւն չտրուեցաւ:
Ազրպէյճանի մէջ նախագահական արտակարգ ընտրութիւնը նախատեսուած է 7 փետրուարին:լեց: Թէ ինչո՛ւ, պաշտօնապէս բացատրութիւն չտրուեցաւ:


