Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Նախագահական Դատարկութեան Փուլը Բնական Նկատելու Մօտեցումը»

January 18, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ժողովին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ միջլիբանանեան որեւէ երկխօսութիւն կ՛արդիւնաւորուի ազգային կեցուածքով մը, որ կը պահպանէ Լիբանանը իսրայէլեան բռնարարքներէն, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ իրենց հողին վրայ լիբանանցիներուն գոյատեւումը:

Համախմբումը զօրակցութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց բնակարանները ռմբակոծումի ենթարկուեցան եւ անոնք ստիպուեցան տեղահանուիլ իրենց բնակարաններէն:

Համախմբումը ընդգծեց Լիբանանը պաշտպանելու իրաւունքը` մերժելով ոչ լիբանանցիներու կողմէ զինեալ որեւէ գործողութիւն, որ երկիրը կը ներքաշէ պատերազմի մէջ:

Համախմբումը վերանորոգեց պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցական իր կեցուածքը հաստատելով անկախ պետութիւն ունենալու անոր իրաւունքը:

Համախմբումը շեշտեց նաեւ Լիբանանի բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու իրաւունքը` աւելցնելով, որ անիկա յստակ իրաւունք է եւ ոչ մէկ ձեւով պէտք է առնչուի այլ թղթածրարներու, որոնց շարքին է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց առիթէն օգտուելու եւ Լիբանանի իրաւունքները ապահովելու, սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ծրագրելու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն հարցը լուծելու:

Համախմբումը զգուշացուց երկրին սահմանադրութիւնը, Ազգային ուխտն ու պետական հաստատութիւնները հարուածող քայլերուն վտանգներէն` ընդգծելով, որ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն կողմէ նախագահական դատարկութեան փուլը բնական նկատելու մօտեցումը մերժելի է:

Համախմբումը խստիւ մերժեց հանրապետութեան նախագահութիւնը շրջանցող վարուելակերպը` շեշտելով, որ նախագահական դատարկութեան փուլը անիշխանութեան համազօր է: «Կը զգուշացնենք իշխանութեան մէջ գործակցելու իրաւունքներուն դպչելէ, որովհետեւ անիկա դռները բոլոր հաւանականութիւններուն դիմաց կը բանայ», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ» Կ՛ըսէ Փաքիստան

Յաջորդը

Հալապի Նախագահեց Սեփական Դպրոցներու Հանգստեան Կոչուած Ուսուցիչներուն Վերաբերող Նիստի Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.