Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ Իսրայէլ Համասի դէմ պատերազմը աւարտած պիտի չնկատէ, այնքան ատեն որ Եգիպտոսի եւ Կազայի սահմանը չէ փակուած: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը:
«Մենք պիտի ոչնչացնենք Համասը, պիտի ապառազմականացնենք Կազան, սակայն սպառազինութիւնն ու այլ մահաբեր զէնքերը պիտի շարունակեն հոսիլ այս հարաւային անցքով, այնպէս որ, ի հարկէ, մենք պէտք է փակենք զայն», ըսած է Նեթանիահու:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Կազայի մէջ Համասի կողմէ 240 իսրայէլացիներու գերեվարման 100-րդ օրուան առիթով կազմակերպուած է 24-ժամեայ հանրահաւաք:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, հանրահաւաքին մասնակցած է շուրջ 120 հազար մարդ:
Կը նշուի, որ ցոյցին այցելած են «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութենէն նախարարներ Պենի Կանցը եւ Կատի Էյզենքոթը: Անոնք հանրահաւաքի վայր հասած են Քիրիայի մէջ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նիստէն անմիջապէս ետք:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ շեշտեց, որ «բացարձակապէս» կը մերժէ պաղեստինցիները Կազայէն դուրս վերաբնակեցնելու որեւէ առաջարկ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով Իսրայէլէն պահանջեց պաշտպանել պաղեստինցի քաղաքայինները եւ դադրեցնել բնակեցման բոլոր աշխատանքները:
Նախարարութիւնը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց 7 հոկտեմբերէն ի վեր իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու աճին նկատմամբ:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցլայէլ Սմոթրիչ նախքան այդ յայտնած էր, որ Իսրայէլ պէտք չէ ընդունի կացութիւն մը, ուր 2 միլիոն պաղեստինցիներ Կազայի մէջ կ՛ապրին:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր իր կարգին զօրակցած էր պաղեստինցիները Կազայէն դուրս վերաբնակեցնելու գաղափարին` նշելով, որ պատերազմը «Կազայի բնակիչներու գաղթը քաջալերելու վրայ կեդրոնանալու առիթ է»:


