17 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ յարձակումներու թիւը հասած է 130-ի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Փաթրիք Ռայտըը:
«Մինչեւ օրս կատարուած յարձակումներու ընդհանուր թիւը 130 է», ըսած է ան:
Լայտըր բացատրած է, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ 53 յարձակում տեղի ունեցած է, իսկ Սուրիոյ մէջ` 77:
Ռայտըր յայտնած է, որ Եմէնի հուսիներուն կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ նաւերու վրայ յարձակումներու թիւը 19 նոյեմբեր 2023 թուականէն ի վեր հասած է 27-ի:


