Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Լիթուանիա իր այցելութեան ընթացքին իր լիթուանացի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին զգուշացուց, որ Քիեւին օգնութիւն ապահովելու տատամսիլը Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքը գրաւել ուզող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը քաջալերէ շարունակելու իր գործողութիւնը:
Ըստ անոր, Փութին իր զինուորական գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, եթէ Ուքրանիան եւ անոր դաշնակիցները անոնց վերջ չտան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ պարտութիւնը Ռուսիոյ մնացեալ դրացի երկիրները պիտի կանգնեցնէ ներխուժման վտանգի դէմ յանդիման:
«Պէտք է հասկնանք, որ Լիթուանիան, Լաթվիան, Էսթոնիան եւ Մոլտովան կրնան յաջորդ զոհերը ըլլալ, եթէ մենք չտոկանք», նշեց Ուքրանիոյ նախագահը:


