Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր «Պունտըսլիկա»-ն Կը Շարունակուի Պայերն – Հոֆենհայմ Մրցումով

January 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր կը շարունակուին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները ձմեռնային կարճ դադարէ մը ետք եւ ախոյեան Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Հոֆենհայմը:

17-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով այս մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ 2-րդ դիրքը գրաւող Պայերնը եւ 7-րդ դիրքը գրաւող Հոֆենհայմը:

Պայերն հաւանաբար իր կազմին միացնէ անգլիացի Էրիք Տայըրը, որ այժմ Գերմանիա կը գտնուի, յոյսով, որ միանայ իր նախկին խմբակիցին (Թոթենհամի օրերուն)` Հերի Քէյնի:

Պայերն Միւնիխէն կը բացակային Սերժ Կնապրի (վիրաւոր) Նուսէյր Մազրաուի (Ափրիկէ մեկնած) եւ Մին-Ճայ Քիմ (Ասիա մեկնած): Պէտք է ըսել, որ եւրոպական մեծ թիւով խումբեր, որոնք ափրիկեցի կամ ասիական երկիրներէ մարզիկներ ունին, մօտաւորապէս 1 ամիս պիտի «զրկուին» այդ մարզիկներէն, որովհետեւ իրենց ազգային խումբերուն հետ Ափրիկէի եւ Ասիոյ բաժակի գծով մրցաշարքերու պիտի մասնակցին:

Ստորեւ` «Պունտըսլիկա»-ի 17-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Պայերն Միւնիխ – Հոֆենհայմ

ՎԱՂԸ
Լայփցիկ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Աուկզպուրկ – Պայեր Լեւերքուզըն
Ֆրայպուրկ – Ունիոն Պերլին
Մայնց – Վոլֆսպուրկ
Քէօլն – Հայտընհայմ
Տարմշթատ – Տորթմունտ

ԿԻՐԱԿԻ
Պոխում – Վերտըր Պրեմըն
Մէօնշընկլատպախ – Շթութկարթ

ՖՐԱՆՍԱ

Այսօր գիշեր կը շարունակուին «Լիկ 1»-ի մրցումները, եւ Ֆրանսայի 90-ականներու լաւագոյն ակումբներէն Մարսէյ, որ այժմ 6-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ 9-րդ դիրքը գրաւող Սթրազպուրկը:

Փենարօ Կաթուզոյի մարզած խումբը` Մարսէյ, իր կարգին ունի 7 ափրիկեցի մարզիկներ, որոնք ներկայ պիտի չըլլան այս մրցումին, մինչ Սթրազպուրկ միայն 1 բացակայ ունի այս մրցումէն:

Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ`
Մարսէյ – Սթրազպուրկ

ՎԱՂԸ
Մոնաքօ – Ռենս
Ռեն – Նիս

ԿԻՐԱԿԻ
Լիլ – Լորիան
Մեձ – Թուլուզ
Նանթ – Քլերմոն
Պրեսթ – Մոնփելիէ
Լըհաւր – Լիոն
Լանս – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Անգլիոյ մէջ, շաբթուան կիսուն տեղի ունեցան «Ի. Էֆ. Էլ. Քափ»-ի (որ նախապէս Լիկայի բաժակի կամ Քուրապաու բաժակ կը կոչուէր) կիսաւարտականի երթի մրցումները:

Առաջին մրցումին, Միտըլզպրօ, որ Բ. դասակարգի 12-րդ դիրքը կը գրաւէ, 1-0 արդիւնքով անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց իր դաշտին վրայ` Չելսիի դէմ: Հէյտըն Հեքնի նշանակեց մրցումին միակ կոլը: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 23 յունուարին, Չելսիի դաշտին վրայ:

Այս մրցումին յաղթականը իր դէմ պիտի ունենայ Ֆուլհեմ – Լիվըրփուլ մրցումին յաղթականը:

Երթին, Լիվըրփուլի դաշտին վրայ, «Կարմիրները» 2-1 արդիւնքով քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեցին Ֆուլհեմի դէմ, որ բացած էր մրցումին հաշիւը 19-րդ վայրկեանին` շնորհիւ պրազիլցի Ուիլիանի (նախապէս` Չելսիի աստղերէն): 2-րդ կիսախաղին 68-րդ եւ 71-րդ վայրկեաններուն Քըրթիս Ճոնզ եւ Քոտի Կաքփօ նշանակեցին 2 յաջորդական կոլեր: Լիվըրփուլէն կը բացակայէին Մոհամետ Սալահ (Ափրիկէ), Ուաթատու Էնտօ (Ասիա) եւ վիրաւորներ Պայչեթիչ, Մաթիփ, Ռոպերթսըն, Թիակօ Ալքանթարա եւ Սոպոսլայ, մինչ Ֆուլհեմէն Այուոպի, Պեսի եւ Թուրէ (բոլորն ալ` Ափրիկէ) կը բացակայէին:

«Փրեմիեր լիկ»-ի պարագային, այսօր 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, 18-րդ դիրքը գրաւող Պըրնլի պիտի հիւրընկալէ 19-րդ դիրքը գրաւող Լիւթընը:

Վաղը` ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի (3-րդ) պիտի ըլլայ հիւրը Նիւքեսըլի (9-րդ), մինչ Չելսի (10-րդ) պիտի հիւրընկալէ Ֆուլհեմը (13-րդ):

Ստորեւ` 21-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Պըրնլի – Լիւթըն

ՎԱՂԸ
|
Չելսի – Ֆուլհեմ
Նիւքեսըլ – Մանչեսթըր Սիթի

ԿԻՐԱԿԻ
Էվըրթըն – Ասթոն Վիլա
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Թոթենհամ

Սպանիոյ գերբաժակի առաջին մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 5-3 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ յետ երկարաձգման:

Մրցումը աւարտած էր 3-3 արդիւնքով, երբ դիմուեցաւ երկարաձգման, եւ Ռէալ կրցաւ 2 կոլ եւս նշանակել ուղղելով աւարտական:

Մարիօ Հերմոսօ 6-րդ վայրկեանին նշանակած էր Աթլեթիքոյի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն Ռէալ 2 յաջորդական կոլեր նշանակեց շնորհիւ Անթոնիօ Ռուտիկըրի եւ Ֆերլան Մենտիի, բայց կիսախաղ չեղած` Անթուան Կրիզման կրցաւ 2-2 դարձնել արդիւնքը:

78-րդ վայրկեանին Անթոնիօ Ռուտիկըր սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Աթլեթիքոյի 3-րդ կոլը, բայց Տենի Քարվախալ 85-րդ վայրկեանին արդիւնքը անգամ մը եւս հաւասարեցուց: Երկարաձգման, Ռէալ 2 յաջորդական կոլի նշանակեց շնորհիւ Խոսելուի (116-րդ) եւ Պրահիմ Տիասի 120-րդ վայրկեան:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումներուն, աւարտականին Ռէալ իր դէմ պիտի ունենայ Պարսելոնա – Օսասունան մրցումին յաղթականը:

Այսօր, Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին Սեւիա – Ալավես մրցումով:

Ստորեւ` այս 20-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Սեւիա – Ալավես

ՎԱՂԸ
Լաս Փալմաս – Վիարէալ
Մայորքա – Սելթա
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Ռէալ Սոսիետատ
Ռէալ Պեթիս – Կրանատա

ԿԻՐԱԿԻ
Ալմերիա – Ժիրոնա
Քատիս – Վալենսիա

ԻՏԱԼԻԱ

Տեղի ունեցան Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին Ա. Սէ. Միլան 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Արսլանթայէն եւ դուրս մնաց:

Ռաֆայէլ Լէաօ նշանակած էր մրցումի առաջին կոլը, սակայն Աթլանթա 2 անգամ պատասխանեց շնորհիւ Քուփմայըրզի:

Կիսաւարտականին, Աթլանթա պիտի մրցի Ֆիորենթինայի դէմ, որ փենալթիներով դուրս ձգեց Պոլոնիան:

Հռոմի տերպիին, Լացիօ Ռոմա 1-0 արդիւնքով դուրս ձգեց Ա. Էս. Ռոման շնորհիւ Զաքանիի կոլին:

Լացիօ կիսաւարտականին պիտի մրցի Եուվենթուս Ֆրոզինոնէ մրցումին յաղթականին դէմ:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» «Ուեմպի» Եւ Առաջին Թրիփըլ Տապըլը

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Կը Շահի Զաղրեպի Մրցաշարքը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.