Մոսկուայի մէջ Մոլտովայի դեսպան Լիլիան Տարիուս կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր խիստ բողոք ներկայացուած է` «Քիշնեւի ոչ բարեկամական գործողութիւններուն» առնչութեամբ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ եթէ անոնք շարունակուին, ապա ռուսական կողմը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ լրացուցիչ պատասխան քայլերու ձեռնարկելը:
Մոսկուան ընդգծած է, որ արձանագրած է «ռուսական եւ ռուսալեզու լրատուամիջոցներու քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներու փաստեր, որոնք կը հակասեն խօսքի ազատութեան եւ լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Քիշնեւի միջազգային պարտաւորութիւններուն: Մոլտովա մուտք գործող Ռուսիոյ քաղաքացիներու նկատմամբ խտրականութեան դէպքերը դարձած են համակարգային, Մոլտովայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ հակառուսական բնոյթի յարձակողական յայտարարութիւններ կատարել»:
Մոսկուան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Մոլտովայի տարածքին մէջ ՕԹԱՆ-ի երկիրներու հրամանատարներու մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու զինուորներու վերապատրաստման մասին տեղեկութիւններու նկատմամբ:
«Նման աջակցութիւնը անընդունելի է, անիկա կը յանգեցնէ Մոլտովայի չէզոք կարգավիճակի քայքայման եւ Քիեւի վարչակարգին կողմէ զինուորական գործողութիւններուն անոր անմիջական մասնակցութեան», ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:


