Վիքթոր Ուեմպանեամա, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն կրտսեր մարզիկներէն մէկն է, «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր ասպարէզին առաջին թրիփըլ տապըլը իրագործեց, երբ իր խումբը` Սան Անթոնիօ Սփըրզ 130-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տիթրոյիթ Փիսթընզը:
Սան Անթոնիօ իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց 36 մրցումներու ընթացքին` պարտութեան մատնելով Տիթրոյիթը, որ իր 35-րդ պարտութիւնը կրեց 38 մրցումներու ընթացքին:
«Ուեմպի» իր ընկերներուն լաւ փոխանցումներ տուաւ` կարծէք փլէյմէյքըր մըն է, կատարելով 10 էսիսթ: Ան նշանակեց նաեւ 16 կէտ` ձեռք ձգելով 12 ռիպաունտ:
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 126-120 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Թորոնթօ Ռեփթըրզին: Փոլ Ճորճ եւ Քուայ Լենըրտ 29-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Քլիփըրզի, մինչ Իվիքա Զուպաք 12 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Ճէյմս Հարտըն 14 կէտ ու 11 էսիսթ կատարեց եւ Քլիփըրզ իր 24-րդ յաղթանակը արձանագրեց 37 մրցումներու ընթացքին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սաքրամենթօ Քինկզ – Չարլոթ Հորնեթց 123-98
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 130-108
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս 120-127
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ինտիանա Փէյսըրզ 104-112
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Աթլանթա Հոքս 132-139
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մայեմի Հիթ 128-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Շիքակօ Պուլզ 119-124
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 141-105
Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ 111-124
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 120-126128-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Շիքակօ Պուլզ 119-124


