Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նախագահական Ընտրութեան Գործընթացը Դիւրացնելու Պատրաստ Ենք, Պայմանով Որ Գործակցութիւնն Ու Հաւասարակշռութիւնները Յարգուին»

January 11, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Քաղաքական խորհուրդը շեշտեց, որ Լիբանանի միասնականութեան հաւատացող Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համար իշխանութիւնը պետականութեան ծրագիրը իրականացնելու գործիք մըն է:

«Հետեւաբար անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել` իբրեւ մեկնարկ` երկրին իշխանութիւնը իրականացնելու, ինչպէս նաեւ կազմելու կառավարութիւն մը, որ ունի բարեկարգումի ծրագիր, որուն գործադրութիւնը կը կատարուի հանրապետութեան նախագահին հետ գործակցաբար: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը հաստատէ, որ պատրաստ է նախագահական ընտրութեան գործընթացը դիւրացնելու, պայմանով որ գործակցութիւնն ու հաւասարակշռութիւնները յարգուին», ընդգծուեցաւ քաղաքական խորհուրդին կողմէ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը նկատել տուաւ, որ ամէնէն կայուն լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Թաէֆի համաձայնագիրէն բխած Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան ճշդած վարչակարգին բարեփոխումով:

Քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ Կազայի դէմ բռնկած իսրայէլեան պատերազմին հետզհետէ արձանագրած ընդարձակումը կը սպառնայ շրջանին մէջ զինուորական նոր մագլցումներ պատճառել, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք որդեգրելու ազգային կեցուածք մը` Լիբանանը պաշտպանելու իսրայէլեան բռնարարքներէն եւ պատերազմին մէջ ներքաշուելու հաւանականութենէն», նշուեցաւ քաղաքական խորհուրդին կողմէ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Միջին Արեւելքի տագնապին լուծում կամ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կարելի պիտի չըլլայ հաստատել` առանց միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն իրականացման:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ. «Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Հըզպալլայի Ներկայութիւնը Կը Պարտադրուի Լիբանանեան Հողերու Իսրայէլեան Բռնագրաւումով»

Յաջորդը

Միքաթի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.