Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Պաքուն Երեւանի Հետ Խաղաղ Բանակցութիւններու Շուտափոյթ Վերսկսման Յոյս Ունի»

January 4, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն յոյս ունի մօտիկ ապագային խաղաղ համաձայնագիրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւններու փուլ մը եւս կատարել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնատարներու միջեւ: Այս մասին Էսթոնիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:

Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութիւններու բացումը խաղաղութեան հոլովոյթի անբաժանելի մասն է:

«Բանակցութիւններու հիմնական ուղղութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութիւնն է:

«Անիկա կ՛ուրուագծէ ապագայ աշխարհի բոլոր հիմնական շրջագիծերը, ներառեալ հաղորդակցութիւններու վերականգնումը: Բացի հիմնական ուղիէն, կան եւս երկուքը` հաղորդակցութիւններու բացում, ինչպէս նաեւ սահմանագծում` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի հետագայ սահմանազատումով», ըսած է ան:

«Մենք յոյս ունինք, որ մօտ օրերս տեղի կ՛ունենայ բանակցութիւններու հերթական փուլը, եւ այդ խաղաղ համաձայնագիրի նախագիծի քննարկումը, որ, ի դէպ, կազմուած է Ազրպէյճանի կողմէ եւ առաջին անգամ ներկայացուած է Հայաստանին աւելի քան մէկ տարի առաջ, պիտի վերսկսի:

«Համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ ֆիզիքական բանակցութիւններու բացակայութեան պարագային երկու կողմերուն միջեւ կը շարունակուի նախագիծերու փոխանակումը, այսինքն` կողմերէն իւրաքանչիւրը այդ համաձայնագիրի հերթական նախագիծին կը ներկայացնէ իր մեկնաբանութիւններն ու ուղղումները», նշած է ան:

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան Կը Հերքէ, Թէ Մեծամօրի Հիւլէական Կայանը Կ՛աղտոտէ Արաքս Գետը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանին Զինեալ Ուժերու Տասնապետական Դասի Կատարելագործման

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.