Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ. Համասի Ղեկավարներէն Սալեհ Արուրի Զոհ Գնաց Իսրայէլեան Ռմբակոծումի Մը

January 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Պէյրութի հարաւային արուարձանները կը պատրաստուէին այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառը լսելու, 24 ժամ առաջ նոյն վայրը թատերաբեմ դարձաւ անարգ ոճիրի մը, որ գործուեցաւ Իսրայէլի կողմէ` սպաննելով պաղեստինցի ղեկավարներէն` Համասի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Սալեհ Արուրին:

Արուրի, որ նաեւ պաղեստինեան «Քասսամ» փաղանգի հիմնադիրն է եւ 7 հոկտեմբեր 2023-ին գործադրուած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան հեղինակը, պահանջուած էր իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ, երէկ Հարաւային արուարձաններուն մէջ զոհուեցաւ` իսրայէլեան օդուժին ռմբակոծումին պատճառով:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հարաւային արուարձանները ցնցեց մեծ պայթում մը, որմէ վայրկեաններ ետք ի յայտ եկաւ, թէ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուցած է Մշարրաֆիէի մէջ գտնուող շէնքի մը այն յարկերը, որոնք կը պատկանէին Համաս շարժումին, եւ որոնցմէ մէկուն մէջ կը գտնուէր Սալեհ Արուրին:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը` փրկարար աշխատանք կատարելու եւ հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:

Մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00 ռմբակոծումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացաւ 8-ի. արձանագրուեցան նաեւ տասնեակ մը վիրաւորներ:

Համաս պաշտօնապէս հաստատեց Արուրիի սպանութիւնը` աւելցնելով նաեւ, որ անոր հետ զոհուած են նաեւ Քասսամ փաղանգի երկու բարձրաստիճան զինուորականներ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, թէ իսրայէլացի պատասխանատուներ հաստատած են, որ 2006-ի պատերազմէն ի վեր իսրայէլեան օդուժը առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը ռմբակոծէ Պէյրութը:

Բայց եւ այնպէս Իսրայէլի վարչապետի խորհրդական Մարք Ռեկեւ «Էմ. Էս. Էն. Պի. Սի.»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլ Պէյրութի վրայ գործուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը չէ յայտարարած` աւելցնելով, որ այդ յարձակումը Լիբանանի կառավարութիւնը կամ Հըզպալլան թիրախ չէ դարձուցած: «Մենք բազմիցս յայտարարեցինք, թէ 7 հոկտեմբերի սպանդին մեղսակցած իւրաքանչիւր անձ ահաբեկիչ է եւ սպանութեան թիրախ», ըսաւ Ռեկեւ:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած ռմբակոծումը` հաստատելով, որ այդ մէկը արարք մըն է, որ կը միտի Լիբանանը փոխադրել ճակատումներու նոր փուլ մը, որ կը գերազանցէ Լիբանանի դէմ գործուող ամէնօրեայ բռնարարքները, որոնց պատճառով կ՛արձանագրուին զոհեր եւ վիրաւորներ:

«Այս ռմբակոծումը կը միտի Լիբանանը ներքաշել Կազայի պատերազմին մէջ եւ ջրել այդ պատերազմէն Լիբանանը հեռու պահելու իմաստով մեր ի գործ դրած բոլոր ջանքերը», ըսաւ ան:

Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, իսկ այդ բանաձեւը խախտողը Իսրայէլն է: «Այս ոճրային արարքով Իսրայէլ դարձեալ կը փաստէ, թէ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը իր մօտ կը գտնուի, հետեւաբար կը պահանջուի ճնշում բանեցնել անոր վրայ եւ վերջ տալ իսրայէլեան բռնարարքներուն», ընդգծեց ան:

Միքաթի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպէն պահանջեց հրատապ բողոք մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան գերիշխանութիւնը թիրախ դարձնելու լոյսին տակ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Արուրիի սպանութիւնը` հաստատելով, որ սիոնական գոյացութիւնը կը կրէ իր գործած նոր արկածախնդրութեան պատասխանատուութիւնը:

Նախորդը

Նոր Տարուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Հայաստան Ստանձնեց ԵԱՏՄ-ի Նախագահութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.