Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Հաւատքը Պահապան Մեր Ինքնութեան

December 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Նոր Տարին   մարդկութեան համար միայն  զուարճութեան  եւ ուրախութեան  օր չէ, այլ  սրբազան եւ նուիրական պահ,  հաշուետուութեան պահ: Իւրաքանչիւրը  հաշիւ պիտի տայ  իր խղճին առջեւ:  Հինը անցաւ,  բայց անհրաժեշտ է որոնել թերին՝ ապագային  ուղղելու  համար:

Հայ  ժողովուրդը ճակատագրական  օրերու  եղերական  երեւոյթներով  կը դիմաւորէ   Նոր Տարին:

Հազարաւոր  նահատակներ, վիրաւորներ, տեղահանութիւն, հայաթափուած Արցախ: Ռազմական, դիւանագիտական, քաղաքական  պարտութիւն…: Խորունկ է վիշտը,  ազգային վիշտը…: Երազներով օրօրուեցանք ամբողջ երեսուներեք տարիներ: Չարթնցանք…: Մեղաւոր եւ պատասխանատու ենք բոլորս:

Աններելի պատճառաբանութիւններ…: Մեզմէ   շատեր անտեսեցին  տրուած խորհուրդները, կարծէք  մենաշնորհ ըլլար հայրենիքը: Շռայլեցին եւ մսխեցին  ընծայուած բարիքները:  Լաւ  չկարդացինք   շրջանային  զարգացումները:

Մենատէրերու միջեւ  բաժնուեցաւ   իշխանութիւնը,  արիւնաքամ դարձան  հայրենիքին  հարստութիւնները:  Ազգային տնտեսութիւն  ծրագրաւորելու փոխարէն, մշակոյթի վերածուեցաւ   ստուերային տնտեսութիւնը: Ոտնակոխուեցան  ազգային  վերածնունդի յոյսերով վերազարթնած  ժողովուրդին ակնկալութիւնները, հայրենիքի հանդէպ անոր նուիրումը, հաւատքը, անոր  շինարար  բազուկները, ազատասիրութեան  անզուսպ   տենչը, անսպառ կենսունակութիւնը: Մոռացութեան տրուեցան  եւ  արհամարուեցան  շատ մը արժէքներ, արժեհամակարգեր:  Տեսակաւոր փորձութիւններու  ենթարկուեցաւ ազգային գաղափարախօսութիւնը:  Խաւարի  վերածեցինք  հազարաւոր   հայ  երիտասարդներու  երազը: Օրէնքն ու իրաւունքը դարձաւ պարագայական, ալ ուր մնաց հզօր  պետութիւն, հզօր  ազգային բանակ… խօսքեր.. լոկ խօսքեր: Հիւծեցաւ   հայրենիքը,  հիւծեցաւ Սփիւռքը …:

Հայաստանի իշխանութիւնները   չարժեւորեցին Սփիւռքի գործօնը:  Սփիւռքը  շահագործումի առարկայի վերածուեցաւ անոնցմէ շատերուն համար:  Իսկ մենք  Հայաստանին  օժանդակելը անոր   ներքին գործերուն   միջամտելու հետ  շփոթեցինք:

Անցեալէն  դասեր չքաղեց  հայ քաղաքական միտքը:  Խարխափեցանք  գաղափարախօսութիւններու  եւ  քաղաքական  իրականութիւններուն միջեւ:   Արցախը  կորսնցուցինք, սակայն  ոմանց  մօտ կարծէք  բնական  երեւոյթ ըլլար ան, կեանքը  շատ  հեզասահ կը շարունակուի, սովորականին  նման… :

Մէկ խօսքով, բաց ծովու  մէջ յայտնուած անկողմնացոյց  նաւու մը վերածուած է  մեր ազգը այսօր, Սփիւռք եւ  հայրենիք:  Անորոշութեան մէջ կը  թաւալինք:

Տարաբախտ այս պայմաններուն  մէջ մեր  պարտականութիւնը պիտի  ըլլայ  հայ պատանիին մէջ լուսաւոր հասկացողութեամբ   զօրացնել հայրենիքի գաղափարը,   ազգային գիտակցութիւնը, մեր ազգի  տենչերը, պատմութիւնը, մշակոյթը, արուեստն ու գրականութիւնը:  Հայրենիքի   գաղափարը միայն  հող ու ջուրը  չէ,  հայրենիքի  գաղափարը նոյնքան  եւ  հոգեւոր է, անոր ժողովուրդին պատմութիւնն է,  լեզուն,  կրօնքը,  եկեղեցին, մշակոյթը: Այս   արժէքներուն պահպանման եւ  փոխանցման մէջ  կը կայանայ  մեր  ազգին յաւիտենականութեան  երաշխիքը:  Այս գիտակցութեամբ պիտի կերտուի մեր յարատեւ  գոյութեան  գաղափարը   հայրենի եւ աշխարհասփիւռ  հայութեան մէջ:

Աղմուկ բարձրացնել, լուտանք  եւ  զրպարտութիւններ  շեփորել, գիտակցաբար ստել,  քաղաքական հակառակորդները անվայել կերպով  ցեխոտել  …. համոզիչ քայլեր  չեն,  յատկապէս այս օրերուն:

Հայ ազգը մահացած չէ,  փոքրացած է այո’ անագորոյն  ճակատագիրի  հարուածներու տակ: Մեր  ձեռքն է պատմական  մեր հայրենիքի փոքր մէկ  մասը:   Ան պիտի մնայ  մեր կեանքի գոյութեան խարիսխը: Ան պիտի մնայ   մեր այսօրը եւ վաղը:

Համահայկական  զօրաշարժի պահն  է այսօր: Բոլորս  անխտի’ր՝  եկեղեցի, կուսակցութիւններ,  հասարակական,  բարեսիրական, երիտասարդական,մարզական, մշակութային կազմակերպութիւններ  իւրաքանչիւրս  իր որդեգրած  ճանապարհով  եւ ընկալումներով  պիտի  բարինք   ազգապահպանութեան:

«Ազգ    եւ   հայրենիք» կոթողային աշխատութեան մէջ, Հայաստանի Առաջին  հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի գրած է  «… Ազգային  գիտակցութիւնը կը կերտուի գիտակցելով հաւաքականութեան   շահերը,   հաւաքականութենէն  ստանալիք  բարիքներով, հաւաքականութեան   հանդէպ պարտականութիւններուն սահմանումով, անհատը  ին՞չ  պարտականութիւն ունի  հաւաքականութեան հանդէպ:

Որքան  բարձր է գիտակցութիւնը, այնքան  ամուր   եւ կայուն  եւ կենսունակ ազգը:  Որքան  բարձր է ազգին  քաղաքակրթութիւնը, այնքան  բարձր է անոր ազգային  գիտակցութիւնը»:

Սփիւռքի եւ  հայրենիքի  մէջ,  մեր քաղաքական այրերէն  քանիներ  ծանօթ  են Վարչապետին  մտքերուն..:

Հայրենիքի   հանդէպ   հաւատքնէ, որ պիտի  պահպանէ   մեր  ինքնութիւնը:

Կորսնցուցինք ճակատամարտը, բայց  պատերազմը  մեր առջեւն  է:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (30 Դեկտեմբեր 2023)

Յաջորդը

Ամանորի Եւ Սուրբծննդեան Սեմին

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.