Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 5000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին եւ  պիւթակազին սակերը մնացած են անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.489.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.529.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.475.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 944.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու խուզարկումի բաժանմունքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձախողցուց 20 քկ «Քեփթակոն» դեղահատ դէպի Քուէյթ մաքսանենգելու փորձ մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ 2024-ի մարտահրաւէրները կը կեդրոնանան Լիբանանը իսրայէլեան հաւանական պատերազմէ մը փրկելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու շուրջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին ըսաւ. «Ով որ Դիմադրութենէն կը պահանջէ սահմանէն հեռանալ եւ Լիթանի գետէն անդին երթալ, ապա ան կը փափաքի թշնամիին կայունութիւնը երաշխաւորել»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ Պաղեստինեան դատը իրենց դատն է, սակայն պաղեստինեան պատերազմը իրենց պատերազմը չէ: Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, ինչպէս նաեւ վարչապետ ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ նշանակելու` հետեւելով երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարեւոր է եւ պարտադիր` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան ընդմէջէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Իսրայէլ յանձնառու չէ մնացած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը` ազատագրելու համար Լիբանանը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կը մատուցէ ճակատամարտերուն պարտադրած ամէն տեսակի զոհողութիւնները: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլա պատրաստ է յաւելեալ զոհողութիւններու` իսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ բռնարարքներուն դիմադրելու ճամբուն վրայ:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Մէջ Պատանդներու Ազատ Արձակման Շուրջ Բանակցութիւններ Կը Վարէ»

Յաջորդը

Համատէ. «Շիա Կը Նախատեսէ, Որ Հոքշթայն Յառաջիկայ Յունուարի Կիսուն Այցելէ Լիբանան»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.