ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոր տարին արդէն մեր դռներուն սեմին է: Իբրեւ ծնողք, համաձայն գեղեցիկ սովորութեան, անկասկած կը մտածենք ուրախացնել մեր զաւակը կամ թոռը պատշաճ նուէրով: Գեղեցիկ աւանդութիւն, նաեւ` սէր եւ գուրգուրանք արտացոլացնող:
Իմ կարգիս, երբ տարիներէ ի վեր զաւակներս արդէն իսկ ծնողք դարձած են, ես ալ կը մտածեմ, ամէն տարուան նման, թոռնիկս` Հայկը, տարբեր «բանով» մը ուրախացնել: Անոր համար հիմա մտածումներու անթիւ փշրանքներ լեցուցած են ամբողջ միտքս: Ու իբրեւ համոզիչ ներշնչանքի մը նման, գրասեղանիս առջեւ նստած, քիչ մըն ալ շուարած, կը փորձեմ ուղեղիս եւ ինքնակեդրոնացմանս ղեկը ձեռք ձգել ու ամփոփուելով` ներկայ մտածումներս քննարկման ենթարկել, որպէսզի քիչ ետք տուած որոշումիս համար չզղջամ:
Առաջին իսկ հերթին, նախ կ՛ուզէի, որ նուէրս անպայման թոռնիկիս մօտ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծէր: Ինքնահաճոյ մօտեցում, երբ յաճախ բանականութիւնը կանգ կ՛առնէ: Անոր համար այս տարի, իբրեւ մեծ հայր, քիչ մը շատ երկար սկսած էի մտածել: Հարցը այն էր, թէ ի՞նչ նուէր կրնայի տալ, որպէսզի ըլլար տեղին, յարմար եւ իմաստալից:
Ան արդէն խաղալիքներու բազմատեսակները ունէր: Այսպէս, արդիական ժամացոյց, «Այ ֆոն» հեռաձայն, «Այ փատ»… եւ տակաւին շատ մը «կէյմեր»: Ինչ որ իր տարիքին յարմարագոյն նկատած էին, իր ծնողները արդէն օրին նուիրած էին:
Նման մտահոգ միտքերով ես ինծի անվերջ հարց կու տայի. վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս: Չեմ ուզեր ի զուր տեղը իմ նախկին տարիները օրինակ վերցնել, կամ բաղդատականներ կատարել: Այդ ժամանակները շատոնց անցած էին: Կեանքը փոխուած էր եւ` նոր ակնկալութիւններով լեցուած ու նոյնիսկ նոր երազի վերածուած:
Փոխուած էինք նաեւ մենք: Փոխուած էին նաեւ նոր սերունդն ու իրեն հետ ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու պայմանները: Արդէն ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած էինք բոլորս` կամայ, թէ ակամայ:
Այսպէս, մտովի ես զիս կը փորձէի համոզել եւ արդարանալ: Չէի ուզեր, որ իմ նուէրովս «ծիծաղելի»… յետամնաց… անիմաստ… անտեղի… մեծ հայրիկ մը, պապիկ մը նկատուիլ, կամ դառնալ: Որովհետեւ կը մտածէի, այս բոլորէն ետք ինծի համար արդար պատճառաբանութիւններս պիտի կրնայի՞ն զինք համոզել: Նոր նուէրիս հաշուոյն կատարած արդարացումներս պիտի հասկնա՞ր: Պիտի բաւարարուէ՞ր: Չեմ գիտեր: Իսկ հիմա կարծես մարմաջ մը կար ու կը մնար բոլոր բառերուս մէջ: Իրապէս որ անմիջապէս գանկիս խորը նոր հարցեր ծնած էին: Ու ճիշդ այդ պահուն էր, որ հետեւեալ մտածումը անցաւ մտքէս. «Ազգի մը յաւիտենական բժշկութեան դեղատոմսը, իր մշակոյթին կողքին, իր գիրն ու գիրքն է»:
Այս մէկը ինծի համար նորութիւն մը չէր:
Ներկայիս ազգովին զոհ դարձած ենք աննպաստ պայմաններու ու ամէն տեղ եւ բոլորով կ՛ապրինք մեր լեզուին տագնապալի պահերը: Իբրեւ հայեր` մեր հայրենիքէն եւ սփիւռքներէն հասնող լուրերը այս տարի ալ մեզ խոր տխրութեան մէջ նետած էին: Կրկնելու պէտք չկար: Կարծես բորբոսած ձայներու դաշտին մէջ կեցած էինք ազգովին: Իրապէս որ հոս-հոն եւ ամէն տեղ կը տառապէինք առաւելաբար մթնոլորտի պակասէն, եւ մթնոլորտ ստեղծելու ընդունակ տարրերու սակաւութենէն: Մտքիս մէջ միշտ առկայ էր եւ յստակօրէն արձանացած` հետեւեալ վարկածը, թէ մենք տէրն ու տիրականը պարտաւոր ենք ըլլալ եւ մնալ մեր բոլոր առողջ եւ ազգային միտքերուն:
Թէեւ շուարումը պատած էր միտքս, բայց վերջապէս հասած էի մտածումիս կայանին. փոքրերու յատուկ գիրք մը, կամ հայերէն քանի մը հեքիաթագիրքեր նուիրել` թոռնիկիս տարիքին եւ մտածողութեան յատուկ եւ համապատասխան:
Նախ քիչ մը կմկմացի: Փորձեցի կրկին ամփոփուիլ:
Արդեօք ան ե՞րբ պիտի կարենար կարդալ… արդեօ՞ք պիտի ուզէր… կամ հասկնալ իմ մտահոգութիւններս, նպատակիս բազկերակը… Անկեղծօրէն այս մտածմանս կերպարի ընկալման բանալին կը փնտռէի: Հայերէն գիրքի ընթերցման բացակայութիւնն էր զիս այս մտքին առաջնորդողը: Կարմիր խօսք, արիւնի ու կրակի նման, եւ սակայն` լաւագոյն ձեւ, ե՛ւ միջոց ե՛ւ առիթ:
Ի՞նչ է գիրքը եւ ո՞վ է ընթերցողը: Պէտք ունինք հայերէն գիրքին, որպէսզի մնանք եւ շարունակենք պահել պարիսպը, մշտապէս կը մտածէի եւ կը մտահոգուէի:
Մեր հայ ինքնութիւնը պահելու համար հայերէն ընթերցումը կենսական է, որպէսզի չդառնայինք ու չմնայինք միայն ծագումով հայեր. միշտ կը հաստատէի: Ճիշդ էր, որ հայ գիրքին հանդէպ մեր տածած սէրն ու պաշտամունքը պակսած են: Նաեւ ճիշդ է, որ կար ժամանակ, եւ յատկապէս` մեր «հին» օրերուն, հայ գիրքը հայ մարդուն ընկերն ալ էր, եւ մենք զայն դարձուցած էինք ոգեղէն հաց, բայց նաեւ ճիշդ էր, որ առանց ընթերցողի հայ գիրքը ճերմակի վրայ սեւ մելանով էջերու պարզ, անտեղի եւ անհաճոյ հաւաքածոյ մը պիտի մնար:
Սեւ իրողութիւն: Այլ խօսքով անիմաստ զարդ մը` մեր տան պատերէն ներս, եթէ կ՛ուզէք: Ուրեմն պէտք է «մտնել» հայ գիրքէն ներս, որպէսզի գիրքով մեր կեանքը աւելի հարստանար, պայծառանար:
Հայ գիրքը պէտք է բազմանայ, կարդացուի, քաջալերուի, միշտ շեփորած ենք:
Իսկ հիմա կը կարծեմ, թէ ժամանակը հասած է, որ աւելի խորքը երթանք: Լեզուն պէտք է վերականգնել եւ այդ մէկը` հայերէն կարդալով: Հայը նախ պէտք է հայօրէն ապրի, մանաւանդ` հայ գիրքի ընթերցումով:
Ինծի համար հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնն է հայերէն գիրք կարդալը, կամ` հայերէն գիրք մը նուիրելը: Լուրջ պաշտամունք մըն է իմ բաժինս:
Անսահման կարեւոր է հայ գիրքին դերն ու նշանակութիւնը: Հայ մարդ կերտելու դարբնոց, եթէ կ՛ուզէք: Հայութիւն եւ հայկականութիւն ստեղծող:
Այս առթիւ, գեղեցիկ այս աւանդութիւնը յարգողի ճշդապահութեամբ, որոշեցի հայերէն չորս-հինգ հեքիաթագիրքեր նուիրել մեր Հայկին, իմաստալից եւ հետաքրքրութիւնը չմարող:
Այս որոշումիս համար թէ՛ ուրախ էի եւ թէ՛ ինքնագոհ:


