Անցեալ շաբաթավերջին վերջ գտաւ Պրազիլի ճատրակի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին կրանտմասթըր Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան գրաւելէ ետք 3-րդ դիրքը, իրաւունք ստացաւ մասնակցելու յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք ճատրակի Օլիմփիատին, որ տեղի պիտի ունենայ 10-էն 23 սեպտեմբեր 2024-ին, Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա):
Հայազգի ճատրակ խաղցող Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան Սան Փաուլօ ծնած է 1986-ին, եւ տարիներէ ի վեր կը մասնակցի ներքին թէ միջազգային մրցաշարքերու, այս վերջին մրցաշարքին 8,5 կէտ հաւաքեց առաւելագոյն 11-էն` կէս կէտով ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւող Սուփի Լուիս Փաոլոյէն: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆիեր Ալեքսանտր 8,5 կէտ հաւաքելով:
Գրիգոր Մխիթարեան այժմ Պրազիլի թիւ 3-ն է եւ թիւ 422-ը աշխարհի դասաւորման մէջ:


