Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի մրցումներու 2-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր առաջին մրցումին 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ արձանագրած էր Ռիատի Պարժայի վրայ, երեքշաբթի գիշեր Շարքի դէմ առաջին կիսախաղին 8 կոլ նշանակած էր: Ալի Ֆահըս 3-րդ վայրկեանէն սկսաւ կոլերու հաշիւը, իսկ 5 վայրկեան ետք Ֆատըլ Ռիտա աւելցուց 2-րդ կոլը: 13 եւ 16-րդ վայրկեաններուն Եուսեֆ Համատէ 2 արագ կոլեր նշանակեց, մինչ Ֆատըլ Ռիտա 18-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց 5-ի: Սերժ Օսքեան 23-րդ, 26-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն հեթ-թրիք մը կատարեց` փակելով առաջին կիսախաղի հաշիւը 8-ի վրայ:
Մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեանի տղաքը տակաւին կոլերու «ծարաւ ունէին»: 49-րդ վայրկեանին կոլ մը ստանալէ ետք, 51-րդ վայրկեանին Եուսեֆ Համատէ եւ 57-րդ վայրկեանին Ապտել Ռահման Սոնտոս արդիւնքը բարձրացուցին 10-ի: Աւիկ Յարութիւնեան 79-րդ վայրկեանին նշանակեց 11-րդ կոլը, 3 վայրկեան ետք Իպրահիմ Մուսաուի` 12-1: 85-րդ վայրկեանին մրցակից խումբը 12-2 ըրաւ արդիւնքը Մոհամետ Էմինի միջոցով, մինչ Աւիկ Յարութիւնեան 88-րդ վայրկեանին արդիւնքը կը փակէր 13-2-ի վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը համեմատաբար դիւրին մրցումներ ունեցան այս 2 հանգրուաններուն, եւ 3-րդ հանգրուանին դադարէ ետք, յառաջիկայ տարի մրցակից պիտի ունենան Հատաթը, որ 2 հանգրուաններուն ալ հաւասարութեամբ աւարտեց իր մրցումները, առաջին հանգրուանին Ուաֆաա Ղպէյրիի հետ (1-1), իսկ երկրորդին` Ռիատի Պարժայի հետ (0-0), որ մեր առաջին մրցակիցն էր:
Մեր խմբակին (7-րդ խմբակ) մաս կը կազմեն նաեւ Իսթիքլալ, որ առաջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Ռիատի Արամունէն, 2-րդ հանգրուանին 6-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուաֆաա Ղպէյրիի դէմ:
3-րդ հանգրուանին Ռիատի Արամուն պիտի մրցի Ուաֆաա Ղպէյրիի դէմ, Շարք` Հատաթի դէմ, իսկ Իսթիքլալ` Ռիատի Պարժայի դէմ:
Մեր տղոց կը մնայ լաւ պատրաստուիլ մինչեւ յաջորդ մրցումը` 4-րդ հանգրուանին:


