Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ հեռաձայնած է Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին` քննարկելու համար Կազայի մէջ վերջին զարգացումներն ու կացութեան հանդարտեցման եւ մնայուն զինադադարի հաստատման համար միացեալ միջնորդութեան ջանքերը: Այս մասին հաղորդեց Քաթարի պետական լրատու գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Քաթար եւ Եգիպտոս Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ միջնորդութիւն կը կատարեն, եւ անոնց ջանքերուն շնորհիւ Համաս ազատ արձակած է 110 կին, մանուկ եւ օտարահպատակ գերիներ, իսկ Իսրայէլ` իր բանտերուն մէջ արգելափակուած 240 պաղեստինցի կիներ ու դերահասներ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց «իսրայէլեան իշխանութիւններուն Կազայի մէջ պատերազմի կշռոյթը բարձրացնելու եւ պատերազմը երկարաձգելու յայտարարութեան առնչութեամբ»:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերահաստատեց Փարիզի կոչը` «մնայուն զինադադարի առաջնորդող անմիջական մարդասիրական զինադուլի հաստատման»` դատապարտելով «կանոնաւոր ռմբակոծումը, որ անգամ մը եւս վերջին օրերուն քաղաքային յաւելեալ մեծաթիւ զոհերու արձանագրման յանգեցուց»:
Իսրայէլի պատերազմական նախարարաց խորհուրդի անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի նախկին դեսպան Ռոն Տերմեր Սպիտակ տան մէջ 4 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ անոնք քննարկած են պատերազմին մէջ տարբեր փուլի անցումը` «Համասի բարձրարժէք թիրախներուն վրայ առաւելագոյն կեդրոնացում իրագործելու, Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնը բարելաւելու եւ քաղաքայիններուն հասած վնասները նուազեցնելու համար, ինչպէս նաեւ մնացեալ գերիները ազատ արձակելու եւ յետպատերազմեան Կազայի ծրագրման համար»:
Եգիպտական Ծրագիր
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Պաղեստինեան իշխանութենէն պաշտօնատարներ յառաջիկայ օրերուն այցելեն Գահիրէ` քննարկելու համար Կազայի ապագային մէջ Եգիպտոսի դերակատարութիւնը:
Պաղեստինեան իշխանութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան հաղորդակցութիւնը ընթացք առած է, երբ Գահիրէն առաջարկած է պատերազմը աւարտելու երեք փուլերէ բաղկացած ծրագիր մը, որ կը ներառէ Եգիպտոսի հովանաւորութեամբ միջպաղեստինեան ազգային բանակցութիւններ, որոնց նպատակը Ֆաթհ եւ Համաս շարժումներուն միջեւ պառակտումին վերջ տալն է:
Ըստ «Հաարեց»-ին, պաղեստինեան գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Մաժետ Ֆարաժ արդէն մեկնած է Գահիրէ` քննարկելու համար եգիպտական առաջարկին կէտերը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը նշէ, որ տեսած է եգիպտական ծրագիրը, որ ըստ օրաթերթին, «պատերազմի 11 շաբաթներու ընթացքին երկու կողմերուն (Իսրայէլ եւ Համաս) ներկայացուած խաղաղութեան ամէնէն համապարփակ ծրագիրն է»` աւելցնելով. «Կը նախատեսուի, որ ծրագիրին կարգ մը կէտերը երկու կողմերէն դրական ընկալումի չարժանանան»:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ առաջարկը կոչ կ՛ուղղէ երկու շաբթուան տեւողութեամբ սկզբունքային զինադադարի` արտօնելու համար Իսրայէլի մօտ գտնուող շուրջ 140 պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման դիմաց իսրայէլացի գերիներու` մանուկներու, կիներու եւ բժշկական խնամքի կարօտ տարեցներու ազատ արձակումը: Այդ քայլին կը հետեւի Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան տարբեր ուժերէ, որոնց շարքին` Համասի ներկայացուցիչներէ բաղկացած փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը:
«Արապիա» հաղորդեց, որ Իսրայէլ ընդունած է եգիպտական նախաձեռնութեան առաջին փուլը եւ վերապահութիւն յայտնած մնացեալ փուլերուն նկատմամբ:
«Արապիա» կը հաղորդէ, որ եգիպտական նախաձեռնութիւնը կը բաղկանայ երեք փուլերէ. առաջին փուլը կը ներառէ 10 օր տեւողութեամբ զինադուլի հաստատում, իսրայէլացի մանուկ, կին եւ տարեց գերիներու եւ իսրայէլեան բանտերէն պաղեստինցի որոշ թիւով գերիներու ազատ արձակում, իսրայէլեան ուժերու բնակուած շրջաններէն հեռացում, Կազայի հարաւէն հիւսիս ինքնաշարժներով եւ բեռնակառքերով տեղաշարժի արտօնում, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման աշխուժացում եւ իսրայէլեան ներառեալ հետախուզական թռիչքներու դադրեցում:
Երկրորդ փուլը կը ներառէ Համասի մօտ գերեվարուած բոլոր իսրայէլացի կին զինուորներու ազատ արձակման դիմաց պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակում, երկու կողմերուն մօտ 7 հոկտեմբերէն ի վեր գտնուող դիակներու փոխանակում: Այս փուլը առաջին փուլի պայմաններով կ՛երկարի 7 օր:
Երրորդ փուլը կը ներառէ Համասի մօտ գտնուող բոլոր մնացեալ գերիներու եւ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման շուրջ մէկ ամիս տեւողութեամբ բանակցութիւններ: Այս փուլը նաեւ կը ներառէ իսրայէլեան ուժերու Կազայի սահմաններէն դուրս տեղակայում եւ Կազայի վերեւ բոլոր թռիչքներու արգիլման շարունակումը, իսկ Համաս կը դադրեցնէ Իսրայէլի դէմ բոլոր զինուորական գործողութիւնները:
Համաձայնութիւնը գործադրուելու կը սկսի համաձայնութեան գոյացումէն 48 ժամ ետք` ազատ արձակուելիք գերիներու անուններուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար:
Եգիպտական նախաձեռնութեան համաձայն, փուլի մը բոլոր պայմաններուն կատարումէն ետք կարելի է յաջորդ փուլին անցնիլ:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Արապիա»-ին յայտնած է, որ Համաս եւ Իսլամական ժիհատ շարժումները չեն մերժած եգիպտական նախաձեռնութիւնը, որուն կարգ մը կէտերուն լրատուամիջոցներու մէջ սպրդում կատարուած է` աւելցնելով, որ եգիպտացի պաշտօնատարները Պաղեստինեան իշխանութեան վստահեցուցած են, որ սպրդուած կէտերը վերջնական չեն:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտնեց. «Համասի զինաթափումէն առաջ պատերազմի դադրեցում պիտի չըլլայ»:
«Կը ծրագրենք Կազայի երկայնքին, ներառեալ Եգիպտոսի հետ սահմանին վրայ անվտանգութեան ժամանակաւոր գօտի ստեղծելու մասին», ըսաւ Նեթանիահու:
«ԷՖ.ԹԻ.ուայ.եու.» հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ նախազգուշացուց Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի աճող վտանգին մասին, որովհետեւ Իրանի հետ լարուածութիւնը կը մեծնայ:
Անոր համաձայն, Իսրայէլ յարձակման ենթարկուած է «բազմասպարէզ պատերազմի» եօթը տարածքներէ` Կազայէն, Արեւմտեան ափէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Եմէնէն եւ Իրանէն:
«Մենք արդէն արձագանգած ենք եւ կը գործենք այս ասպարէզներէն վեցին մէջ, եւ ես յստակ կ՛ըսեմ, որ որեւէ մէկը, որ մեր դէմ կը գործէ, կարողական թիրախ է, ոչ ոք անձեռնմխելի է», ըսաւ ան:


