Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախով Տառապիլ

December 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Սկսան տօնական ուրախ օրերը, ամէն մարդ զբաղած է նուէրներով, զարդարանքով,  ուտեստեղէնով  եւ մոռցած է Արցախ հայրենիքը  եւ տառապող արցախցի ժողովուրդը, յատկապէս` արցախցի փոքրիկները: Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ ամէն մարդ արդէն իսկ սկսած են յարմարիլ  այն կացութեան, որ Արցախը մերը չէ այլեւս:

Արցախը եղած է հայկական տարածք, սակայն նկատի ունենալով, որ շրջապատուած է Ազրպէյճանով, անիկա միշտ աչք տնկած է մեր տարածքներուն  վրայ: Այս պատճառով ալ Արցախն ու Ազրպէյճանը պատմութեան ընթացքին միշտ բախումի մէջ եղած են:

2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Սակայն այս անկախութիւնը մարսելի չէր  Ազրպէյճանին: Պատերազմները շարունակուեցան:

1992-ին հայկական կամաւորական ջոկատներ ազատագրեցին` Շուշին, Խոջալուն, Բերձորը, Շահումեանը, Լաչինը եւ այլն…

1993-ին ազատագրեցին` Քարվաճառի շրջանը, Մարտակերտը, Ֆիզուլին, Զանգելանը եւ տակաւին շատ մը այլ շրջաններ, այս կռիւներու ընթացքին տուինք բազմաթիւ նահատակներ:

1994-ին Ազրպէյճանը դարձեալ յարձակեցաւ: Ծանր մարտերէ ետք թշնամիին բանակը պարտութեան մատնուեցաւ:

2016-ին անգամ մը եւս փորձ կատարուեցաւ Արցախը գրաւելու, սակայն մեր քաջարի ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ դարձեալ պարտութեան մատնեցին Ազրպէյճանի  գազան բանակը:

Սիրելինե՛ր, ինչպէս գիտենք, Ազրպէյճանը միշտ աչք ունեցած է Արցախ հայրենիքին վրայ, բայց ան երբեք չէ կրցած հասնիլ իր նպատակին, մինչեւ եկաւ այն պահը, երբ սկսաւ 2020-ին համաձայնուած եւ ծախուած պատերազմը, եւ հազարաւոր զոհեր տուաւ հայութիւնը` ամբողջ աշխարհէն, բայց ափսո՜ս, որ երկրին վարչապետը ծախելով Արցախը Ազրպէյճանին` իրականացուց անոր տարիներու իղձը:

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, շատ խօսեցանք… այժմ հասաւ պահը գործելու, բոլորս միասին խորհրդակցինք, թէ ի՛նչ ընթացք պէտք է որդեգրենք Արցախը ազատելու այս դժուար պայմաններէն, արդեօք   անհրաժե՞շտ է բարձրացնել մեր ձայնը ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքի յանձնախումբին մօտ, որպէսզի իրենք ալ, իրենց կարգին, աշխատին փրկելու Արցախը գազանին ճանկերէն:

Ընդունելի չէ Հայաստան` առանց Արցախի:

Ժամանակին Տիգրան Մեծը կառուցած է Տիգրանակերտ քաղաքը, ուրիշներ` Ստեփանակերտ, Բերձոր, Շուշին, այդ օրերուն  շատ էին շինարարութիւնները, իսկ այս օրերուն շինելու, կառուցելու տեղ ծախող դաւաճան մը կայ, ԱՓՍՈ՜Ս…

Հայրենի իշխանութիւնը միշտ գործած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարին համար եւ ձգտած է հայ ժողովուրդի շահերու իրականացման:

Պէտք է պայքարիլ, որպէսզի յաջողինք Արցախը միացնել Հայաստանին եւ Ազրպէյճանը ընդմիշտ հեռացնել Արցախէն:

Սիրելինե՛ր, ո՛ւր ալ գտնուիք, միշտ ըսէք` Արցախը մերն է, ոխերիմ թշնամին գրաւեց:

Երբե՛ք չյանձնուիք:

Թող հայը ըլլայ իր ազատութեան տէրը:

Արցախը կը տոկայ մինչեւ իր յաղթանակը:

Ամենակարող Աստուած փրկէ Արցախը:

Կը խնդրեմ բոլորէն` տօնական այս օրերուն յիշենք Արցախի փոքրիկները:

 

 

Նախորդը

Սան Ֆրանսիսքոյի Ձայնը

Յաջորդը

Սլաք. Յաղթանակը Մե՛րն Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.