Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի աշխոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի անմիջական մրցակիցը (4-րդ դիրքը գրաւելու) Շանվիլ 88-76 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անդրանիկէն` «Տեմիրճեան» կեդրոնին պասքեթպոլի դաշտին վրայ:
Առաջին մասին միայն 13 կէտ նշանակած Անդրանիկ 28-19 արդիւնքով մեծ տարբերութեամբ յաղթեց 2-րդ մասին` 41-35 արդիւնքով կիսախաղ մտնելով: 3-րդ մասին գրեթէ հաւասար պայքարէ ետք, 4-րդ մասին Անդրանիկ 29-21 արդիւնքով յաղթեց` մրցումը աւարտելով 88-76 արդիւնքով, յաղթանակ մը, որ ձեւով մը օգտակար կրնայ ըլլալ ՀՄԸՄ-ին, որ դասաւորման միջ նոյն արդիւնքները ունի (5 յաղթանակ եւ 4 պարտութիւն): Կը մնայ ՀՄԸՄ-ին 8 կէտերէ աւելի տարբերութեամբ յաղթել Շանվիլին` դարձի մրցումին:


