ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 7000 լ. ոսկիով, մազութինը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.487.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.526.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.476.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 940.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ այսօր Լիբանան իր Դիմադրութեամբ, բանակով եւ ժողովուրդով շատ աւելի զօրաւոր է, քան` որեւէ ատեն:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար ընդգծեց Կազայի պատերազմէն Լիբանանը զերծ կացուցելու կարեւորութիւնը:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր Շէյխը, որմէ ստացաւ հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային խորհրդաժողովին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը շնորհաւորեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին` անոր վերընտրութեան առիթով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Նետերլանտներու պաշտպանութեան նախարար Քայսա Օլոնկրենը, նետերլանտական բանակի սպայակոյտի պետ Օննօ Այխըլշէյմը եւ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանզ Փիթըր վան տեր Ուուտը: Օլոնկրեն ծաղկեպսակ մը զետեղեց պաշտպանութեան նախարարութեան շրջափակին մէջ գտնուող յուշարձանին: Իսկ զօր. Աունի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ բանակի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով: Օլոնկրեն հաստատեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ աշխուժ եւ արհեստավարժ կերպով շարունակել իր առաքելութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց երեսփոխան Պիլալ Հշայմին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը կը մնայ իր ուխտին տէրը` Պաղեստինի եւ Կազայի ժողովուրդին զօրակցելու:


