Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ս. Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթով, Միքաթի շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել նախագահական ընտրութեամբ, «յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ երկիրը դէպի ապաքինում ուղղուելու յատկանիշներ ցոյց կու տայ», յայտնեց ան:
Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան նպատակը օր մը օրանց հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն դպչիլը չէ եղած` աւելցնելով, որ իրենց ամբողջ հոգը այն է, որ երկրին մէջ կեանքը հեզասահ ընթանայ եւ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն գոյութիւն ունենայ:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` Միքաթի ընդգծեց, որ լուծումը կը սկսի միջազգային որոշումներուն գործադրութեամբ, պայմանով որ թշնամի Իսրայէլը յանձնառու մնայ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն հեռանալու:
«Լիբանանեան բանակը բոլոր լիբանանցիներուն համար է, եւ անոր դերակատարութիւնը կը փաստէ այս իրականութիւնը, որուն հիմամբ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ, եւ ողջունելի էր այդ որոշումը` երկրին եւ բանակին կայունութիւնը ապահովելու նպատակով:
Միքաթի զարմանք յայտնեց իրեն հետ հանդիպումէն ետք պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին վարուելակերպին առնչութեամբ` ընդգծելով, որ ոմանք պաշտպանութեան նախարարէն պահանջած են կեցուածք փոխել:


