Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումները կը շարունակուին` բռնկած պահելով հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը:
Իսրայէլեան բանակը ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց հետեւեալ գիւղաքաղաքները. Ռըպ Թլեթին, Լապպունէ, Այթա Շաապ, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ, Ժապալ Պլաթ, Հուլա, Մարքապա, Սլուքի հովիտ, Թէյր Հարֆա, Քֆարքիլա, Նաքուրա եւ Խիամ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հիւսիսային Իսրայէլ-հարաւային Լիբանան սահմանային շրջանին վրայ ապահովական միջադէպի մը պատճառով իսրայէլեան բանակը զինուորական հսկողութիւն պարտադրած է:
Դիմադրութիւնը առաւօտեան ժամը 8:30-ին հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Շումերա դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին, Հըզպալլա համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Մթըլլէ դիրքին մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի հետեւակազօրի մէկ խմբաւորումը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը իսրայէլեան Իվեն Մանահեմ բնակեցման վայրին մէջ` պատճառելով վիրաւորներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հիւսէյն Ալի Իզզէտտին եւ Ապտել Ազիզ Ալի Մըսլմանի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


