Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Պէտք Է Ապահովել, Որ Կովկասեան Շրջանը Արտաշրջանային Երկիրներու Համար Մրցակցութեան Դաշտ Չդառնայ»

December 22, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կ՛աջակցի կովկասեան շրջանին հետ կապի ուղիներու եւ ենթակառոյցներու բացման որեւէ քայլերու եւ հարթակներու` յարգելով բոլոր երկիրներու ազգային գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, եւ ատիկա կը գնահատէ իբրեւ խաղաղութեան ամրապնդման ու իր դրացիներու շահերու ապահովման ուղղուած արդիւնաւէտ քայլ: Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:

Ի պատասխան երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն միջեւ ինքնաշարժային եւ երկաթուղային կապերու զարգացման Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրի, Իրանի նախագահը ըսած է. «(Ասիկա) արդիւնաւէտ քայլ է խաղաղութեան ամրապնդման եւ իրենց դրացիներու շահերու ապահովման ուղղութեամբ»:

Ռայիսին Կովկասը բնութագրած է իբրեւ խաղաղութեան կարիք ունեցող կարեւոր շրջան եւ աւելցուցած. «Կովկասի նկատմամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը որոշուած է, եւ պէտք է հոգ տանիլ, որպէսզի կովկասեան շրջանը չդառնայ մրցակցութեան դաշտ արտաշրջանային երկիրներու համար, եւ որ հարցերը պէտք է լուծուին շրջանի երկիրներուն կողմէ` առանց կողմնակի կողմերու միջամտութեան»:

Իրանի նախագահը Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով հանդիպման յաջող գումարումը բացատրած է իբրեւ շրջանային յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ամրապնդման ու իրարու հետ շրջանի երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կառուցողական քայլ` աւելցնելով. «Շրջանի երկիրներու փոխադարձ շահերը ապահովելը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիմնարար քաղաքականութիւնն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան վերջին զարգացումները եւ շրջանի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ բնութագրած է Իրանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ յարաբերութիւններու շարունակութիւնն ու ընդլայնումը` վկայակոչելով երկկողմանի յարաբերութիւնները համակողմանի զարգացնելու երկու երկիրներու կամքը:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին համաձայն, Փաշինեան եւ Ռայիսի 20 դեկտեմբերին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին միտքեր փոխանակած են «3+3» շրջանային հարթակին վերաբերեալ: Անոնք օգտակար նկատած են Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը:

Փաշինեան եւ Ռայիսի քննարկած են հայ-իրանեան յարաբերութիւններու օրակարգային նիւթերուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած էր «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումը, որուն Վրաստանը դարձեալ չէր մասնակցած` Ռուսիոյ ներկայութեան պատճառով:

Նախորդը

Մոսկուա. «Արեւմուտքի Նպատակը Կապ Չունի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հետ»

Յաջորդը

Զախարովա. «Նիկոլ Փաշինեանը Կը Սպասեն Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ»

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.