ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար եւ երեսփոխան Մոհամետ Եուսեֆ Պայտուն մահացաւ:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր հանդիպում մը ունեցան` ներկայութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպի եւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու բանակի սպայակոյտի պետի նշանակման թղթածրարը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ, ճարտարարուեստի եւ նաւթի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յանձնախումբին գումարած նիստէն ետք յայտնեց, որ տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութիւններուն միջեւ լուրջ աշխատանքի կարիք կայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խորհրդարանին սահմանադրական, իրաւական եւ բարոյական պարտականութիւնն է: Ան կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն Ս. Ծնունդի տօնին առիթով լիբանանցիներուն իրենց նուէրը դարձնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ գետնի վրայ Դիմադրութեան ընթացքը կը հաստատէ, որ ան վճռական է իր դիմադրութեան մէջ եւ յանձնառու է իր ժողովուրդին անվտանգութեան:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց ֆրանսական Ծերակոյտի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Հելեն Քոնուէյ-Մուրէն, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութեան որոշումն է առանց վարանելու, արագ եւ վճռական պատասխան տալ թշնամի Իսրայէլին, եթէ ան Լիբանանի մէջ ոեւէ քաղաքացի թիրախաւորէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ռաժի Սաատը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանին, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց շնորհաւորութիւն մը` Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի կողմէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Պլոքը կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ պետութեան մնացեալ կառոյցները փլուզումի չենթարկելու: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը հաստատեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը փաստ մըն է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով համախոհութեան գոյացման:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց վերջ տալու Լեռնալիբանանի կալուածներու արձանագրութեան յատուկ հաստատութիւնները փակ պահելու թատրոնին: Ապտալլա շեշտեց, որ հազարաւոր քաղաքացիներ կը սպասեն քաղաքական քինախնդրութեան աւարտին:


