Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը` ընկերակցութեամբ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի:
Հանդիպումէն ետք Սլիմ յայտնեց, որ Միքաթիին յստակացուցած է, թէ բանակին հարցերը իրեն համար առաջնահերթութիւն կը նկատուին, եւ աւելցուց, որ վարչապետի պաշտօնակատարին հետ քննարկած է կարգ մը մանրամասնութիւններ` ամրապնդելու համար զինուորական հաստատութիւնը:
Միւս կողմէ, Միքաթի առաւօտեան այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին` ընկերակցութեամբ իր խորհրդականներուն` Նիքոլա Նահհասի եւ Զիատ Միքաթիի:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորութիւններ ներկայացնել եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցել բոլոր լիբանանցիներուն:
Միքաթի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, ինչպէս նաեւ կենցաղային դժուարութիւններն ու պետական մարզի եւ զինուորականներու աշխատավարձերուն վերաբերող հարցերը:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աշխատավարձերը բարելաւելու:
Սպայակոյտի պետի եւ զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Միքաթի ըսաւ. «Ոչ ոքի հետ կը փափաքիմ բանավէճ ունենալ, յատկապէս տեղեկատուութեան մարզի լուսարձակներուն ներքեւ: Մնայուն կերպով ըսած եմ եւ հիմա կը վերահաստատեմ, որ արտօնելի չէ վարչապետի պաշտօնակատարին իրաւասութիւններուն դպչիլ»:
Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու Լիբանանի համակարգող Օմրան Ռիզայի հետ:
Քննարկուեցաւ կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը` ծառայողական, մարդասիրական, ընկերային եւ առողջապահական ջանքերուն վերաբերեալ: Միքաթիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Քապալան Քապալան: Քննարկուեցան Արեւմտեան Պեքաայի կարիքները:
Պէտք է աւելցնել, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ` շնորհաւորելու համար նախագահական նոր նստաշրջանի մը համար անոր վերընտրութիւնը:
Սիսի հաստատեց, որ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները կը մնան իւրայատուկ` ընդգծելով, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ ամէն իմաստով զօրակցելու եղբայր Լիբանանին:


