Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման որոշումի որդեգրման համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ շարունակական ջանքեր կը թափէ:
Քըրքաշ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ էմիրաթական շարունակուող ջանքեր կան` հրապարակելու համար որոշում մը Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ աննախադէպ մարդասիրական աղէտին արձագանգումը ամրապնդելու համար: Միջազգային ընտանիքը պէտք է նոյնիսկ այս ուշացած փուլին տէր կանգնի իր պարտաւորութիւններուն»:
Ապահովութեան խորհուրդը երեքշաբթի օր նախապէս կատարուած իրերայաջորդ յետաձգումներուն նման Կազայի մէջ կացութեան վերաբերեալ քուէարկութիւնը յետաձգեց չորեքշաբթի օրուան` առիթ ընծայելու, որ առաջարկուած նախագիծին շուրջ բանակցութիւնները շարունակուին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ պատրաստուած նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ` «առկախելու» Կազայի մէջ պատերազմական գործողութիւնները` մարդասիրական օժանդակութիւններու Կազա մուտք գործելուն առիթ ընծայելու համար:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Հերցոկ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ պատրաստ է կարելի եղածին չափ աւելի մեծաթիւ պատանդներու ազատ արձակման դիմաց կռիւը դադրեցնելու»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլ կը սերտէ երկարատեւ զինադադարի հաստատման հարցը` Համասին առիթ ընծայելու, որ հաւաքէ առեւանգեալները»:
Համաս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ երէկ հասաւ Գահիրէ` «եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ Կազայի դէմ սիոնական յարձակումի զարգացումներուն եւ այլ թղթածրարներու շուրջ քննարկումներ կատարելու համար»:
Մէկ օր առաջ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Հանիէն Համասի բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը պիտի մեկնի Գահիրէ` շարք մը հանդիպումներ ունենալու, մասնաւորաբար եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն Ապպաս Քամելի հետ` քննարկելու համար «յարձակումի դադրեցումն ու պատերազմը, առ ի պատրաստութիւն գերիներու փոխանակման եւ Կազայի շրջափակման վերջ տալու գործարքի մը»:
Իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ն հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանը Քաթարի մէջ հանդիպում ունեցած է Հանիէի հետ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի Ապտոլլահեանի հետ քննարկած է «Կազայի մէջ լարուածութեան մեղմացման ու զինադադարի կարելիութիւնները»:
Իսլամական ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին յայտարարեց, որ շարժումի ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը «քանի մը օրէն» եգիպտական կողմին հրաւէրով պիտի մեկնի Գահիրէ` քննարկելու համար Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցնելու եւ գերիներու փոխանակման գործարքի կարելիութիւնները:
Ան շեշտեց, որ Գահիրէ պիտի մեկնի յստակ պատկերացումով` յարձակումի դադրեցում, Կազայէն իսրայէլեան ուժերու հեռացում եւ վերակառուցում:
«Գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ բոլորը բոլորին դիմաց սկզբունքով քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբով, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյացնեն պաղեստինեան ուժերը` գլխաւորութեամբ Համասի», ըսաւ ան:
Անանուն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Կազայի մէջ երկրորդ անգամ մարդասիրական զինադադար յայտարարելու կարելիութեան շուրջ աշխուժ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ: Աղբիւրին համաձայն, կը քննարկուի զինադադարի տարբերակ, որով Համաս ազատ կ՛արձակէ իսրայէլացի գերիներէն մէկ քանին, որուն դիմաց Իսրայէլ ազատ պիտի արձակէ պաղեստինցի գերիներ:
Ըստ աղբիւրին, Իսրայէլ կը պահանջէ, որ փոխանակման ենթակայ գերիներու ցուցակին մէջ ըլլան կիներ եւ հիւանդ տղամարդիկ: Պահանջի բաւարարման պարագային Իսրայէլ կրնայ ազատ արձակել նաեւ ծանր յանցագործութիւններու համար դատապարտուած պաղեստինցիները:
«Աքսիոս» կայքին համաձայն, քննարկուող զինադադարը կրնայ տեւել մէկ շաբաթ, որուն ընթացքին պէտք է ազատ արձակուին շուրջ 40 գերիներ:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր, անդրադառնալով գերիներու փոխանակման հաւանական գործարքին, յայտնեց. «Հիմա վճռման պահն է, եւ ոչ թէ զինադադարներու»:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, «(գերիներու) փոխանակման գործարքը հեռու է, սակայն Իսրայէլ զայն կարեւոր կը նկատէ ժողովրդային ճնշումը լռեցնելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի կողմէ Համասի դիմակայումը վերջինիս եւ քաղաքայիններուն միջեւ զատորոշում կատարելու վերջինիս պարտաւորութիւնները չի նուազեցներ»:
«Համաս քաղաքայիններու անվտանգութեան նկատմամբ որեւէ նկատառում չունի եւ մեծաթիւ գերիներ կը պահէ», շեշտեց Պայտըն:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա «Ֆրանս Ինֆօ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի` պաղեստինեան Համաս շարժումին դէմ պայքարի ձեւերուն վերաբերեալ դիրքորոշումները տարբեր են:
«Ինչպէս մեր եւրոպացի եւ ամերիկացի գործընկերներուն մեծ մասը, մենք շատ յստակ ուղերձ ունինք հրէական պետութեան` գործողութիւնները այլ ձեւով վարել», նշած է Քոլոնա:
Անոր համաձայն, Իսրայէլի բանակը պէտք է կէտային գործողութիւններ կատարէ` նախազգուշական քայլերու ձեռնարկելով պաշտպանելու համար Պաղեստինի քաղաքային բնակչութիւնը:
«Ռմբակոծումները չափազանց մեծ վտանգ կը ներկայացնեն բնակչութեան համար: Անհրաժեշտ է որքան կարելի է շուտ աւելի մեծ ծաւալի օգնութիւն հասցնել քաղաքային բնակչութեան: Մենք պէտք է Իսրայէլէն պահանջենք բանալ նոր միջանցքներ` այդ օգնութիւնը հասցնելու համար, եւ արտօնենք զայն բաշխել ամբողջ Կազայի մէջ, յատկապէս հիւսիսի մէջ», ընդգծած է ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր յորդանանցի պաշտօնակից Այման Սաֆատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յանձնառութիւն յայտնած է Կազա աւելի մեծ ծաւալով եւ շարունակական դրութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնելու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն յայտնած է Կազայի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու համար ճնշումի բանեցման նկատմամբ:
Պլինքըն երկուշաբթի օր Անգարա իր այցելութեան ընթացքին իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած էր. «Վերջին օրերուն մեծ յառաջընթաց արձանագրեցինք Կազայի բնակիչներուն հասնող օժանդակութեան ծաւալը բարձրացնելու համար»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մալեզիոյ վարչապետ Անուար Իպրահիմ յայտնած է, որ իսրայէլեան ապրանքներու փոխադրման «Զիմ» ընկերութեան կ՛արգիլուի Մալեզիոյ նաւահանգիստներ մուտք գործել:
«Արգիլման որոշումը որդեգրուեցաւ իբրեւ պատասխան Իսրայէլի վարմունքին, որ կ՛անտեսէ մարդասիրական սկզբունքներն ու միջազգային օրէնքները», ըսաւ Իպրահիմ:


