Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ ապագային շուրջ Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ բանակցելու, եթէ ատիկա կը փափաքին, սակայն Մոսկուան իր ազգային շահերը յառաջ պիտի մղէ:
Փութին պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան հետ Մոսկուայի մէջ ունեցած ժողովի մը ընթացքին յայտնեց. «Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերողները կը փափաքի՞ն բանակցիլ: Թող ատիկա ընեն: Սակայն մեր ազգային շահերուն նպաստողին շուրջ պիտի բանակցինք»:
Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ ռուսական ուժերը այժմ պատերազմի դաշտին վրայ նախաձեռնութեան տէրն են` աւելցնելով. «Յատուկ զինուորական գործողութեան նպատակներէն պիտի չհրաժարինք»:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը աւելի արագ կ՛արձագանգէ, քան Արեւմուտքի պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը` աւելցնելով, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ իր հիւլէական ուժերը զարգացնել եւ մարտունակութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահպանել:


