Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր առմամբ շատ աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ, քան Միացեալ Նահանգները, սակայն այժմ հարց կը յառաջանայ` արդեօք նման օգնութիւնը ապագային կրնա՞յ շարունակուիլ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութեան երկիրները երկկողմանի համաձայնութիւններու եւ խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի միջոցով Ուքրանիոյ գրեթէ 30 միլիառ եւրոյի զինուորական օգնութիւն ուղարկած են:
«Այս օգնութեան շնորհիւ Ուքրանիան կրցաւ դիմակայել: Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութիւնը աւելի զգալի էր, քան մերը, սակայն, եթէ գումարենք զինուորական, ֆինանսական, տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութիւնը, ապա Եւրոպան շատ աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ, քան Միացեալ Նահանգները», ըսած է Պորել` խօսք արտասանելով «Սոմէ Կրան Քոնթինան» համախմբումի մէջ:
Ան միեւնոյն ժամանակ հարց ուղղած է, որ այս օգնութիւնը պիտի շարունակուի՞:
«Արդեօք այս հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան միասնութիւնը պիտի շարունակուի՞, արդեօք նոր նախագահի օրով եւ նոյնիսկ մինչեւ անոր ընտրութիւնը Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը պիտի շարունակուի՞: Այս հարցումներուն պէտք է պատասխանել: Մենք Եւրոպայի մէջ պէտք է պատասխանենք, եւ, իմ կարծիքովս, պէտք է կանգնինք Ուքրանիոյ կողքին, պէտք է աւելին եւ արագ ընել, որովհետեւ Ռուսիան Եւրոպական Միութեան համար ռազմավարական սպառնալիք կը ներկայացնէ», վստահ է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարը:


