Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութիւնը Պիտի Ըլլայ Պըրրիի Առաջնահերթութիւնը» Շեշտեց Պու Սաապ

December 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ տօնական օրերէն ետք նախագահական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ Պըրրիի առաջնահերթութիւնը:

Անդրադառնալով օր մը առաջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի վերագրուած այն յայտարարութեան, թէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը իրեն համար վերջացած է, եւ ինք չի կրնար անոր հետ գործակցիլ, Պու Սաապ նշեց, որ Միքաթի պէտք է այս յայտարարութիւնը յստակացնէ: «Այնպէս ինչպէս Սլիմ կառավարութեան անդամ է, նոյնպէս ալ Միքաթի կառավարութեան անդամ է, իսկ եթէ Սլիմի պարտականութիւնը աւարտած է, ուրեմն կառավարութեան պարտականութիւնը աւարտած է», ըսաւ Պու Սաապ:

Ան հաստատեց, որ Սլիմի մասին նման կեցուածք արտայայտելը արդիւնաւէտ չէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին հարցերը լուծելու միջոցներ որդեգրել եւ ոչ թէ զանոնք բարդացնել:

Պու Սաապ Ընդունեց Շիան

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս այն նուաճումները, որոնց իրականացումը կարելի եղաւ Լիբանանի մէջ, գլխաւորաբար` ծովային սահմանագծումը:

Քննարկուեցան նաեւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան վարչակազմին ի գործ դրած ջանքերը` սահմանային մագլցումներու շրջագիծին ընդարձակումը արգիլելու եւ պատերազմի ուրուականը Լիբանանէն հեռացնելու:

Իր կարգին, Շիա ողջունեց խորհրդարանին կատարած օրէնսդրական վերջին իրագործումը, ինչպէս նաեւ դրուատեց լիբանանցիներու շահերուն ծառայող կարգ մը օրէնքներ վաւերացնելու խորհրդարանի փոխնախագահին դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ այդ օրէնքներէն է Լիբանանի գերիշխանական սնտուկ մը հաստատելու օրէնքը:

Պու Սաապ շնորհակալութիւն յայտնեց Շիային` Լիբանանի մէջ դիւանագիտական իր գործունէութեան ընթացքին անոր ի գործ դրած ջանքերուն եւ աշխուժ դերակատարութեան համար:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ Շիա մեծ թիւով լիբանանցիներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ու երկրին ապահովական կառոյցներուն օժանդակած է:

Միւս կողմէ, Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը քաղաքական որոշում է, որ բանակին համար ապառողջ է եւ յաւելեալ քայքայում կը յառաջացնէ անոր շարքերուն մէջ:

Ան նկատել տուաւ, որ զօրավարներուն եւ հազարապետ-զօրավարներուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը անձերու հիման վրայ որոշուած է եւ ոչ թէ երկրին կանոններուն:

Այս շրջագիծին մէջ Պու Սաապ յայտնեց, որ ինք համաձայն է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի այն կարծիքին, որ անհրաժեշտ է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարել, սակայն համաձայն չէ այն գաղափարին, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին դպչիլը քրիստոնեայ համայնքի պաշտօնին դպչիլ է:

Պու Սաապ նշեց, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը քաղաքական գործարք էր, որմէ քաղաքական որոշ ուժեր օգտուեցան, սակայն անոր գինը բանակն ու սպաները վճարեցին: Ան նկատել տուաւ, որ այդ օրէնքը բացթողումներով լեցուն է եւ հաստատ կերպով վիճարկումի պիտի ենթարկուի Սահմանադրական խորհուրդին մօտ:

Սպայակոյտի պետի նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ յայտնեց, որ այդ նշանակումը կարիքը ունի պաշտպանութեան նախարարի առաջարկին` աւելցնելով, որ առանց այդ առաջարկին բանակին պարագային կատարուելիք որեւէ նշանակում օրինազանցութիւն է:

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ռմբակոծումները դադրեցնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Սաապ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ ամերիկեան վարչակազմը յոյս կը ներշնչեն, որ այդ հարցը դիւանագիտական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ լուծել: «Մեր սահմաններուն վրայ հարցին լուծումը պիտի իրագործուի ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ եւ ոչ թէ զայն բարեփոխումի ենթարկելով, որովհետեւ ոչ ոք այդ բանաձեւը բարեփոխելու մասին խօսած է մեզի հետ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Միքաթի Խոստացաւ Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձերը Համապատասխան Դարձնել Երկրին Ելեւմտական Իրավիճակին

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Ցաւակցի Քուէյթի Էմիրին Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.