Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի 2023-ի վերջին ընթացիկ ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն:
Ժողովէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ քննարկուեցան ամբողջ տարուան իրադարձութիւնները` մատնանշելով այն ջանքերը, որոնք կը միտին հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու կարիքը նսեմացնել եւ առանց անոր իշխանութիւնը շարունակել:
Համախմբումը զարմանք յայտնեց այն գործակցութեան, աւելի ճիշդը` դաւադրութեան համար, որ գոյութիւն ունի խորհրդարանին եւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան միջեւ, ինչ կը վերաբերի բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան հրամանագիրներ հրապարակելու քայլերուն:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մերժէ հակասահմանադրական եւ Ազգային ուխտի մթնոլորտէն դուրս գործելու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ արտաքին ճնշումներու ենթարկուիլ եւ տեղի տալ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համար ազգային սկզբունքներուն կառչած մնալը սկզբունքային է եւ սակարկութիւններու ենթակայ չի կրնար ըլլալ: «Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգումի հակասահմանադրական օրէնքը պիտի վիճարկենք», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նոյն հաղորդագրութեամբ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ նախագահական դատարկութեան փուլը դիտմամբ երկարաձգելը կրնայ լիբանանեան պետութեան վրայ հետեւանքներ ունենալ:
«Իսկ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի գոյութեան սպառնացող վտանգ է: Այս առումով տեղահանուածները իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ հաստատելու յարմար պայմաններ ստեղծելու միջազգային կեցուածքը դատապարտելի է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումը շնորհաւորեց լիբանանցիները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով, եւ նշեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանը պիտի ըլլայ պայքարի տարի` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն իրաւունքները, երկրին գերիշխանութիւնը, ապահովութիւնը, տնտեսութիւնն ու ելեւմտական մարզերը, ինչպէս նաեւ հաշուետուութեան տարի մը` բոլոր անոնց, որոնք խախտած են այդ իրաւունքները:


