Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ թէժ մարտերու գիծ մը:
Փոխադարձ ռմբակոծումները կը սաստկանան` աւելի հաւանական դարձնելով զինուորական գործողութիւններու օղակին ընդարձակումը:
Իսրայէլեան կործանիչներ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքները, ինչպէս` Այն Իպըլ, Պընթ Ժպէյլ, Այթա Շաապ, Նաքուրա, Քֆարքիլա, Եարուն, Հուլա, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Հըլթա, Արքուպ, Ռըմէյշ եւ Մէյսել Ժապալ:
Իսրայէլեան բանակը կէսօրին ռմբակոծեց Պլիտա գիւղաքաղաքը, ուր տեղի կ՛ունենար Դիմադրութեան մարտիկներէն Հասան Իպրահիմի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Նշենք, որ Թալ Նահհասի մէջ իսրայէլացի դիպուկահարներ թիրախ դարձուցին քաղաքացիական ինքնաշարժ մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը:
Իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ գործեցին թռիչքներ, իսկ Սալամիէ, Հըլթա եւ Ռաշայա Ֆըխխար շրջանները ռմբակոծեցին ֆոսֆորային ռումբերով:
Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ռուեյսեթ Ալամ դիրքը:
Ժամը 3:00-ին, Հըզպալլայի մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ապատ դիրքին մօտ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները յետմիջօրէին համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռահեպ եւ Խըրպեթ Մայեր դիրքերը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ թիրախ դարձուցած է զինուորներու համախմբում մը` իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան երկու ուղղաթիռներ, որոնք թռիչքներ կը գործէին Շթուլայի եւ Շումերայի վերեւ` ստիպելով զանոնք հեռանալու այդ շրջանէն:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ուիսամ Հայտար Մուրթատա եւ Հասան Ալի Իպրահիմ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


