Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փառք Ու Պատիւ Մեր Ուսուցիչներուն

April 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսկապէս իւրայատուկ է Այնճարը: Հայկական շունչն ու ոգին գերակշռող են գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցող մէն մի հաստատութեան, միութեան, բայց մանաւանդ հայկական երեք յարանուանութեանց կրթական օճախներուն մէջ: Հայկական դիմագիծը շեշտուած կերպով առկայ է Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, որ փաստօրէն իր աշխուժ պետական գործունէութեան ու գիւղի բարգաւաճման աշխատանքներուն կողքին, իր հովանաւորութիւնը տարածուած է գրեթէ գիւղին մէջ տեղի ունեցող բոլոր ձեռնարկներուն վրայ:

Այնճարի քաղաքապետութիւնը, սակայն, յատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ գիւղի երեք վարժարաններուն հանդէպ եւ իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանայ, որ կրթական գործը եւ սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքը գիւղին մէջ հեզասահ ընթանան:

23 մարտ 2012-ը Այնճարի մէջ ծառայող աւելի քան հարիւր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու համար անմոռանալի պիտի մնայ անոր համար, որ անոնք առիթը ունեցան ձեռք-ձեռքի բռնած Մուսա լերան տաուլ-զուռնայի օրհնութեամբ, շուրջպար բռնել ու կրկին ուխտել ծառայել մեր ազգին, տէրը մնալ իրենց սրբազան կոչումին, մեծ նուիրուածութեամբ շարունակել գիւղին կրթական գործը եւ պատրաստել առողջ ու զարգացած սերունդ:

Արդարեւ, Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդը այդ երեկոյ համեստ ու խորհրդանշական ընթրիքով մը ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ ի մի համախմբեց գիւղին մէջ ծառայող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Բարի գալուստի եւ ուսուցչաց տօնի շնորհաւորական խօսքերով Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան (արաբերէնով) եւ խորհուրդի անդամ Յակոբ Այնթապլեան (հայերէնով) երախտագիտութիւն յայտնեցին` հանդէպ մեր կրթական մշակներուն, անդրադարձան ուսուցչական ասպարէզի դժուարին, բայց նուիրական կոչումին, հաստատեցին, որ հակառակ գիւղին մէջ գործող երեք համայնքներուն` Այնճարը կը ներկայանայ մէկ ու միակ դիմագիծով` Մուսա լերան դիմագիծով, եւ մաղթեցին անոնց աննահանջ երթ ու յարատեւ եւ արդիւնաւոր աշխատանք:

Ազգ. Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանի, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէն վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, ինչպէս նաեւ Այնճարի Հայ կաթողիկէ վարժարանէն Ժոզեֆ Գժտրեանի խօսքերը կը բովանդակէին նոյն մտահոգութիւնները` ամէն գնով պայքարիլ ի խնդիր կրթուած մարդ, հաւատաւոր երիտասարդ ու ազգային ոգիով դաստիարակուած սերունդ պատրաստելու: Անոնք անդրադարձան այսօրուան զարգացած աշխարհի այն վտանգաւոր երեւոյթներուն, որոնք կը սպառնան հայ մանուկին ու պատանիին ազնիւ հոգիին ու նկարագրին խաթարման, անոնք շեշտեցին իրենց վճռակամութիւնը կրթական գործին հանդէպ ու քաջալերելով ուսուցիչները` գործակցութեան կոչ ուղղեցին: Անոնք իրենց շնորհակալական խօսքը յայտնեցին Այնճարի քաղաքապետին ու քաղաքապետական խորհուրդին:

Այս առիթով խօսքեր արտասանուեցան նաեւ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու (Հուրի Քիլեճեան, Մինաս Թեճիրեան, Րաֆֆի Գէորգեան, Մարիժան Թիւմպերեան, Վիքթորիա Հերկելեան) կողմէ, որոնք անդրադարձան իրենց անցեալի քաղցրիկ յուշերուն` կապուած հայ վարժարանին ու աշակերտին, ինչպէս նաեւ իրենց պատգամը փոխանցեցին նոր ասպարէզ մուտք գործած ուսուցիչներուն:

Ընթրիքի երեկոն հետզհետէ ստանալով մտերմիկ բնոյթ, ուսուցիչները իրենց մեկնաբանած ասմունքներով, երգ ու պարով հաստատեցին այդ օր քաղաքապետին յաճախ կրկնած խօսքը, որ մէկ է հայ մշակոյթը, մէկ է հայ դպրոցը, մէկ է մեր նպատակը:

Փա՛ռք ու պատի՛ւ եւ վարձքը կատար մեր ուսուցիչներուն:

Նախորդը

Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի «Պատանի Բժիշկներ»-ը Կը Տպաւորեն

Յաջորդը

Վարձքդ Կատար Հա՛յ Ուսուցիչ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.