Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քըրիի Մրցանիշը 268-ի Վրայ Կանգ Առաւ

December 19, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն 3 կէտնոց կողովներ նշանակող Սթեֆ Քըրի, որ յաջորդական 268 մրցումներէն իւրաքանչիւրին առնուազն մէկ 3 կէտնոց կողով կը նշանակէր, երէկ ձախողեցաւ իր 8 փորձերէն որեւէ մէկը նշանակել` 1 դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:

Քլէյ Թոմփսըն 28 կէտ նշանակեց եւ Էնտրու Ուիկինզ աւելցուց 25 կէտ եւ 7 ռիպաունտ` ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի, որ 118-114 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտի դաշտէն:

Ճերըմի Կրենթ 30 կէտ նշանակեց, մինչ Էնֆըրնի Սիմընզ աւելցուց 21 կէտ (բոլորը` երկրորդ կիսախաղին) ի նպաստ Փորթլենտի, որ առաջին կիսախաղին 22 կէտով ետ մնալէ ետք, մրցումի վերջին 39 երկվայրկեաններուն 113-111-ի նուազեցուց տարբերութիւնը: Քրիս Փօլ 115-111-ի բարձրացուց ի նպաստ Ուորիըրզի, իսկ Սիմընզի 3 կէտնոց կողովը 115-114 դարձուց արդիւնքը 14,7 երկվայրկեան մնացած: Քըրի ֆաուլի ենթարկուելէ ետք նշանակեց 2 հարուածներէն մէկը (116-114), բայց յարձակողական ֆաուլ մը Շարփի կողմէ 0,6 երկվայրկեան մնացած, արդիւնքը դարձուց 118-114:

Ֆէօնիքս Սանզ 112-108 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դէմ, որ առաջին կիսախաղին տիրապետած էր 16 կէտի` առաւելութիւն մըն ալ ձեռք ձգելով:

Տեւըն Պուքըր իր 27 կէտերէն 11-ը 4-րդ մասին նշանակեց, բայց առաջին կէսին մրցումին պատկերը շատ լաւ չէր: 3 կէտնոց 31 փորձերէն միայն 7-ն իրենց նպատակին հասան, եւ 17 թըրնօվըր կատարած Ֆէօնիքս շատ դժուար վերադարձաւ մրցումի մթնոլորտին:

Քեւըն Տիւրենթ 28 կէտ նշանակեց, մինչ Եուսուֆ Նուրքիչ ձեռք ձգեց 17 ռիպաունտ: Տանիէլ Կաֆորտ 26 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ուիզըրտծի, որ շաբաթ օր կրցած էր յաղթել Ինտիանայի, իր նախկին 16 մրցումներէն 15-ին պարտուելէ ետք: Թայըս Ճոնզ 22 կէտ նշանակեց եւ Քայլ Քուզմա աւելցուց 17 կէտ 5-րդ ֆաուըլը կատարելէ եւ դուրս ելլելէ առաջ:

Միլուոքի Պաքսի աստղերէն Տեմիըն Լիլըրտ 39 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց 128-119 արդիւնքով յաղթելով Հիւսթըն Ռոքեթցի:

Փաուլօ Պանչերօ 36 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտօ Մէճիքի, բայց բաւարար չէր, եւ Օրլանտօ 97-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պոսթըն Սելթիքսէն: Ճէյլըն Պրաուն 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 110-146
Պոսթըն Սելթիքս – Օրլանտօ Մեճիք 114-97
Միլուոքի Պաքս – Հիւսթըն Ռոքեթց 128-119
Ֆէօնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 112-108
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 114-118

Նախորդը

«Հակառակ Ամէն Դժուարութեան Եւ Տագնապի` Մեր Բոլորին Համար Յստակ Է` ՀՕՄ-ը Չի Վհատիր, ՀՕՄ-ուհին Յուսահատութիւն Չի Ճանչնար»

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Նափոլի – Պարսելոնա Եւ Ինթեր Միլան – Աթլեթիքօ Մատրիտ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես` Արաբական Ակումբներու Ախոյեան. Ռիատի` Շապապ Ահլիի Մրցաշարքի Ախոյեան

October 23, 2026
Բռնցքամարտ.  Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը  Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի
Մարզական

Բռնցքամարտ. Խաչիկ Բաբայեան Մետալ Մը Եւս Ապահովեց Ի Նպաստ Հայաստանի

October 23, 2026
Ըմբշամարտ.  Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Հայաստան 9 Մետալներ Շահեցաւ Վրաստանի Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.